2011-09-03 11:44:40

Փաքիստանի Ատեանը Ձեռբակալումի Հրահանգ Տուած Է Կաթողիկէ Նախարար Շահպազ Պհաթին Սպաննողներուն։


Փաքիստանի Հակա-ահաբեկչական յատուկ ատեանը միջազգային ձեռբակալումի հրահանգ տուած է, կրօնական փոքրամասնութիւններու նախարարի սպաննութեան որպէս հեղինակ կասկածելի երկու մարդոց դէմ։ Նախարար Շահպազ Պհաթի Իսլամապատի մէջ սպաննուեցաւ անցեալ 2 մարտին։ Ոստիկանութեան գնահատումով երկու կասկածելիները` Զիոր Ռահման եւ Մալիք Ապիտ փախած են Տուպայ ։ Լահորի վաստակաւոր եպիսկոպոը իր գոհունակութիւնը յայտնած է ի լուր Փաքիստանի ատեանի որոշումին, յուսալով որ ճշմարիտ յանցագործերը ձերբակալուին ու պատժուին օրէնքին համաձայն։ Յանցագործներու ձերբակալումը եւ դատապարտումը կարեւոր նշան մը պիտի ըլլայ կրօնական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան համար։ Նշենք թէ ամերիկեան պետական քարտուղարութիւնը իր տարեկան տեղեկագիրին մէջ կ'ընդգծէ Փաքիստանի անզօրութիւնը ահաբեկիչները հետապնդելու գործին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.