2011-09-03 11:43:32

Ցեղասպանութեան Ճանաչման Աշխատանք Կը Տարուի Պելճիքայի Մէջ։


Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը աշխատանքներ կը տանի Պելճիքայի քաղաքական շրջանակներուն մէջ, Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ:
Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի հասարակութեան հետ կապի բաժանմունքի աշխատակից Վարդենի Էքօ ըսած է, թէ մօտաւորապէս մէկ տարի առաջ հրաժարած Պելճիքայի նախորդ կառավարութեան փոխարէն, տակաւին նոր կառավարութիւն մը չէ ձեւաւորուած եւ երկիրը կ՛ապրի ժամանակաւոր կառավարութեան պայմաններու մէջ:
Երկիրին Ծերակոյտը 1998ի Մարտ 26ին վաւերացուցած էր բանաձեւ մը, ուր կը հաստատուէր Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը:
Սակայն, որոշ քաղաքական գործիչներ կը շարունակեն ուրանալ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Անոնցմէ են՝ Էմիր Քիրը (Ընկերվարական կուսակցութենէն), Մուսթաֆա Օզթուրքը եւ Սայիտ Քէօսեն (Բարեփոխական շարժում կուսակցութենէն), նաեւ Մահինուր Էօզտեմիրը (Ժողովրդավարական մարդասիրական կուսակցութենէն)բոլորն ալ ծագումով թուրք։
Այս առնչութեամբ, Պելճիքայի հայ համայնքը սկսած էր ստորագրահաւաքի մը, որուն նպատակն է հանրութեան առաւելագոյնս ծանօթացնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւնները, միաժամանակ քաղաքական գործիչներէն պահանջելով, որ աւելի պատասխանատու դիրքորոշում որդեգրեն Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ:
Ստորագրահաւաքի նախաձեռնողները նաեւ կոչ ըրած էին նշեալ քաղաքական գործիչներուն, որ հրապարակայնօրէն ներողութիւն խնդրեն հայ համայնքէն, ինչպէս նաեւ կոչ ըրած էին յիշեալ կուսակցութեանց ղեկավարներուն, որ իրենց կուսակցութիւններէն հեռացնեն Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը ուրացող գործիչները:
Պելճիքայի կանաչներու «Էքոլօ» կուսակցութիւնը արդէն իսկ իր շարքերէն հեռացուցած է չորս կուսակցականներ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանային:








All the contents on this site are copyrighted ©.