2011-09-03 11:56:11

Հայաստանցի Մանուկները այլեւս Պիտի կարենան Արձանագրուիլ Պոլսոյ Հայկական վարժարանները՝՝ կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթը։


Հայաստանցի մանուկներն ալ այսուհետեւ պիտի կարենան արձանագրուիլ Պոլսոյ վարժարանները, ու տեղացի հայ աշակերտներու նման պիտի կարենան ուսում ստանալ Պոլսոյ հայ վարժարաններու երդիքին տակ։ Թէեւ հայաստանցի մանուկները պիտի արձանագրուին որպէս ՝՝հիւր աշակերտ՝՝ բայց առ այժմ այսքանն ալ արդէն շատ լաւ է եւ հանգիստ շունչ մը առնել կուտայ հայաստանցի այն ծնողներուն որոնք աշխատանքի համար Պոլիս գաղթած են եւ իրենց մանուկներն ալ բերած են միասին։ Այս բարի լուրը արդիւնքն է երկարատեւ դիմումներու,որոնք իշխանութիւններու մօտ կատարուած էին Պոլսոյ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Գերշն.Արամ Արք.Աթէշեանի կողմէ։
Այս նիւթի մասին “Ազատութիւն” ձայնասփիւռի կայանին խօսած է Պոլսոյ “Ժամանակ” օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը՝ Արա Գոչունեան:
Թուրքիոյ մէջ ապօրինի ապրող Հայաստանցի քաղաքացիներու երեխաները նախապէս դպրոց յաճախելու իրաւունք չունէին, Պատրիարքարանը(ըսած է Գոչունեան) փաստօրէն, առաջին իսկ օրունէ այս խնդիրը օրակարգի վրայ բերած էր, պետական աւագանիի մօտ հետեւողականօրէն հետամուտ էր այս խնդիրի լուծման տեսակէտէն, եւ այս վերջին օրերուն Պոլսոյ Հայ համայնքի համար կատարուած դրական ժեստերու մթնոլորտի մէջ Պատրիարքարանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ պատկան իշխանութիւնները բանաւոր թոյլտւութիւն տուած են, որ Հայաստանէն արտագաղթած երեխաները կարենան ընդունուիլ Պոլսոյ հայկական վարժարաններ”:








All the contents on this site are copyrighted ©.