2011-09-03 11:44:58

Հայ Եկեղեցւոյ Վերանորոգման Ու Սփիւռքի Վերակազմակերպման Մէջ, Կենսական Է Դերը Հայ Երիտասարդութեան։


Այս բառերով Արամ Ա կաթողիկոսը Հինգշաբթի 1 Սեպտեմբեր 2011-ի առաւօտուն, բացումը կատարեց Պիքֆայայի Մայրավանքին մէջ Միջ-թեմական Երիտասարդական Խորհդրակցական հանդիպումին: Սոյն հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց Բաժանմունքին կողմէ, որուն պատասխանատուն է Մեսրոպ Վրդ. Սարգիսեանը, իսկ բաժանմունքին յանձնախումբին անդամ են Յակոբ Հանտեան, Իրմա Պալեան, Աստղիկ Գանտահարեան, Սարին Գարաճրճեան եւ Գօգօ Ալլոզեան:
Սոյն հանդիպման մաս կը կազմեն թեմերու մէջ գործող երիտասարդաց բաժանմունքներու կամ միութիւններու ներկայացուցիչները: Անոր նպատակն է մօտէն տեղեակ ըլլալ թեմերէն ներս երիտասարդութեան առնչուած ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն, երիտասարդութեան դիմագրաւած խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն, եւ ապա միասնաբար քննել այն ազդու միջոցները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ օգտակար հանդիսանալու երիտասարդական ծրագիրներուն թեմերէն ներս:
Վեհափառը իր պատգամին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց ներկայ ընկերութեան կեանքէն ներս երիտասարդութեան վստահուած դերը, որը գործօն եւ առաջնորդող դեր է։ Խօսեցաւ երիտասարդներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին եւ անոնց լուծում որոնելու մասին։
՜՜Հայ երիտասարդութիւնը, ըսաւ Արամ Ա., կոչուած է բոլոր պայմաններուն մէջ հաւատարիմ մնալ իր արմատներուն, միաժամանակ քայլ պահելով ներկայ աշխարհի փոփոխութիւններուն ու զարգացումներուն հետ: Հայ երիտասարդութիւնը կոչուած է նոր շունչ ու որակ տալու մեր կեանքին, մեր կառոյցներուն, ղեկավարութեան եւ մեր արժէքներուն՝ կարեւոր դեր ստանձնելով մեր եկեղեցւոյ ու կառոյցներուն վերանորոգման, ինչպէս նաեւ մեր գաղութներուն վերակազմակերպման այնքան հրամայական ու անյետաձգելի աշխատանքներուն մէջ՝՝:













All the contents on this site are copyrighted ©.