Ս. Շողակաթ Վանք Կը Բերուի Սանիբարանի Հրաշագործ Աւետարանը։
Այս տարի սեպտեմբեր 1-ին Հայ Եկեղեցին կը տօնախմբէ Ս. Յովհաննէս Կարապետի յիշատակը։ Տօնին
առիթով Էջմիածնի Ս. Շողակաթ վանքին մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարագ։ Երեւանի Մեսրոպ
Մաշտոցի անուան Մատենադարանէն Ս Շողակաթ վանք կը բերուի Պարսկաստանի Սանիբարան գիւղի
12-րդ դարու հրաշագործ Աւետարանը, որը Մատենադարանին յանձնուած է 1972-ի Տ. Գրիգոր քահանայ
Ստեփանոսեանի կողմէ։ Աւետարանը վանքին մէջ կը մնայ մինչեւ Երեկոյեան ժամերգութեան
աւարտը, որպէսզի հաւատացեալները հնարաւորութիւն ունենան իրենց խոնարհումը բերելու հրաշագործ
Աւետարանին։