2011-09-01 12:29:24

Մեծ Եղեռնի Զոհերու Սրբադասման Հարցի Շուրջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Յանձնաժողովի Դ. Նիստը։


Օգոստոսի 22-25-ը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ գումարուեցաւ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման ժողովը։
Յանձնաժողովի անդամները Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Ստեփանոս Նահատակաց մատուռին մէջ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեցին աւելի քան 1.5 միլիոն նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ժողովը անդրադարձաւ նախորդ երեք հանդիպումներու արձանագրութիւններու մէջ արծարծուած առկախ մնացած հարցերուն եւ կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքները այդ հարցերու պատասխաններու ձեւակերպումներն ամբողջացնելու համար։ Ժողովը բանաձեւեց յիշեալ հարցերու պատասխանները.
Քրիստոսի Ընդհանրական Եկեղեցին ինչպէ՞ս կը հռչակէր իր սուրբերը։
Ին՞չ պայմաններ անհրաժեշտ եղած են, որպէսզի մեր Եկեղեցին որեւէ անձ մը սուրբ ճանչնայ։
Ինչպէ՞ս եւ որո՞ւ միջոցով կը կատարուէր սրբադասումը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ։
Ինչու՞ Հայ Եկեղեցին վերջին 500 տարիներու ընթացքին որեւէ մէկ սուրբ չէ հռչակած։ Այս նիւթերը շօշափելու համար, յանձնաժողովը յատուկ կարեւորութեամբ անգամ մը եւս հաստատեց, որ Մեծ Եղեռնի զոհերու սրբադասման հարցը բնաւ քաղաքական հիմ չունի եւ ոչ ալ պէտք է ունենայ։ Հայ Եկեղեցին ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ 20-րդ դարասկզբին ունեցած է Քրիստոսի անուան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած նահատակներ, որոնց սրբադասման հնարաւորութիւնը կը կազմէ այս յանձնաժողովի քննարկումներու առանցքը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Վեհափառը ընդունեց յանձնաժողովի անդամները եւ իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքները բաշխեց անոնց՝ մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։ Նշենք թէ յանձնաժողովի յառաջիկայ աշխատանքային հանդիպումը տեղի կ'ունենայ 2011-ի դեկտեմբեր 5-10-ը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.