2011-09-01 12:53:13

Հայաստանի 11 Քաղաքացիներ ՝ Թուրքիոյ Բանտերուն Մէջ ։


Թուրքիոյ բանտերուն մէջ՝ տարբեր յանցագործութիւններու համար՝ կը պահուին Հայաստանի Հանրապետութեան 11 քաղաքացիներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական “Անատոլու” լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Թուրքիոյ Արդարադատութեան նախարարութեան տուեալները:
Ըստ այդ տուեալներուն` Թուրքիոյ բանտերուն մէջ կը պահուին ընդհանուր առմամբ 105 երկիրներէ աւելի քան 2000 քաղաքացիներ: Թրքական բանտերուն մէջ գտնուող քաղաքացիներու քանակով, առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Իրանը (462), Թիւրքմէնիստանը (268) եւ Վրաստանը (132):
Բացի այդ, թրքական բանտերուն մէջ կը պահուին նաեւ Գերմանիոյ 31, Ուզպեքիստանի 29, Հոլանտայի 25, Յունաստանի 23, Ռուսաստանի 20, Ուքրանիոյ 13 քաղաքացիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.