2011-09-01 11:54:39

Խրուաթիոյ Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքի 600-ամեակը Եւ Անգոնայի Սուրբ Հաղորդութեան Նուիրուած 25րդ Ազգային Համաժողովը։


Սրբազան քահանայապետի օրհնութիւնը խրուաթիոյ որ մօտ օրէն պիտի տօնախմբէ շատ կարեւոր յոբելեան մը։ Այս է պարունակութիւնը այն նամակին որուն միջոցաւ Պենետիկտոս ԺԶ յատուկ պատուիրակ նաշանակեց Կարտինալ Ժոզէֆ Թոմքոն մասնակցելու՝ յառաջիկայ 4 սեպտեմբերին Լուտպէրկի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքի 600 ամեակին։
Առանց Սուրբ Հաղորդութեան չենք կրնար իսակական քրիտոնեաներ ըլլալ ու եկեղեցին ալ չի կրնար գործել մարդկութեան փրկութեան ի նպաստ - կը գրէ Սրբազան Քահանայապետը Կարտինալ Թոմքո-ի անուանումի նամակին մէջ- եւ վստահաբար 600 տարի առաջ այս իրողութիւնը լաւ ըմբռնած ըլլալու է այն քահանան որ իր սրտին խորքին մէջ տարակուսած էր Գինիի եւ Հացի Յիսուսի արեան եւ մարմնոյն փոխակերպումի խորհուրդի իրողութեան մասին, եւ այդ վայրկեանին իր ձեռքերու մէջ բռնած սկիհը լեցուած էր արիւնով։ Այդ հեռաւոր 1411 թուականէն <<Լուտպէրկի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքը>> արժանացած է Խրուաթ ժողովուրդի պաշտամունքին որ տարիներու ընթացքին վկայ եղած է այդ մասունքի առջեւ աղօթքի ընթացքին իրագործուած անթիւ անհամար հրաշագործ բուժումններու։
Այս ուղղութեամբ անցեալ 5 յունիսի Զակապրիոյ մէջ մատուցած Ընտանիքներու Հաւաքի Սուրբ պատարագի ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրած էր ծնողները աղօթելու ու մօտեցնելու իրենց զաւակները սուրբ խորհուրդներուն ու մանաւանդ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդին նշելով որ այս տարի կը յիշուի Լուտպէրկի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքի 600 ամեակը։
Մինչ Խրուաթիոյ մէջ 4 սեպտեմբերին կը նշուի Սուրբ Հաղորդութեան հրաշքի 600 ամեակը, Իտալիոյ Անգոնա քաղաքին մէջ, 3 սեպտեմբերին սկիզբ կ՛առնէ Սուրբ հաղորդութեան նուիրուած 25րդ ազգային համաժողովը որուն համար որպէս Սրբազան Քահանայապետի յատուկ Նուիրակ անուանուած է Կարտինալ Ճովաննի Պաթթիսթա Րէն իսկ 11 սեպտեմբերին՝ եզրափակիչ արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ նոյնինքն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.