2011-09-01 12:46:38

Եւրոխորհրդարանը Թուրքիայէն Կը Պահանջէ Վերադարձնել Փոքրամասնութիւններուն Ամբողջ Գոյքերը։


Եւրոմիութիւնը ողջունած է Թուրքիոյ ոչ իսլամ փոքրամասնութիւններուն պատկանող եւ 1936-էն ասդին երկրի պետութեան կողմէ գրաւուած գոյքերը վերադարձնելու մասին Թուրքիոյ առած դրական որոշումը: Ըստ թրքական «Անքա» լրատուական գործակալութեան, Եւրոմիութեան գործադիր թեւը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովի անդամներ Օլի Ռենի եւ Սթեֆան Ֆիւլէի արտասանած ողջոյնին կողքին, Եւրոխորհրդարանին մօտ Թուրքիոյ գծով զեկուցող Ռիա Օմեն Ռույթեն յայտարարած է թէ ՝՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պէտք է փոքրամասնութիւններէն խլուած գոյքերը վերադարձնէ ամբողջութեամբ:
«Եւրոմիութիւնը Թուրքիոյ կառավարութեան միշտ կոչ ըրած է ճանչնալու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները եւ վերադարձնել պետութեան կողմէ անոնցմէ խլուած գոյքերը: Սակայն, կառավարութիւնը պէտք է աւելին ընէ. օրինակ՝ իսկական տէրերուն պէտք է վերադարձնէ նաեւ Յոյներու Ս. Գաբրիէլի Վանքը եւ Հալքիի Յունական վանական համալիրը», ըսած է ան:
Արդարեւ որոշումը չի խօսիր Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայերէն եւ այլ փոքրամասնութիւններէն գրաւուած կալուածներու մասին ,այլ՝1936ի պէյաննամէներու լոյսին տակ բռնագրաւուած կալուածներու մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.