2011-09-01 11:59:17

Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Շնորհաւորական Մաղթանքը Նոր Ուսումնական Տարուայ Առիթով։


Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան կարգը ։
Օգոստոս 31-ին՝ ՜՜Գիտելիքի եւ դպրութեան օրուայ՝՝ նախօրեակին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ կրթութեան մշակներու օրհնութեան մասնաւոր կարգը։
Օրհնութեան արարողութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Հայրապետը իր պատգամը ուղղեց Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարին, կրթութեան գործի նուիրեալներուն եւ մանկավարժներուն։
Հայրապետական շնորհաւորագրին մէջ մասնաւորապէս կ՝ըսուի. ՜՜Սիրելի մանկավարժներ, ուսանողներ եւ աշակերտներ, Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքն ենք բերում Ձեզ Գիտելիքի, գրի եւ դպրութեան օրուայ եւ նոր ուսումնական տարուայ վերաբացման կապակցութեամբ։
Լուսաւոր այս օրը վերստին բացուել են կրթօջախների դռները։ Խնդութեամբ են համակուած հոգիները սաների եւ ուսուցիչների, ովքեր նոր ուսումնական տարին սկսում են նոր յոյսերով եւ բարին ու գեղեցիկը ճանաչելու լաւատեսութեամբ։
Սիրելի զաւակներ, ուսումնասէր ու ջանադիր եղէք ուսման մէջ, ուշադիր ու պարտաճանաչ Ձեր պարտականութիւնների հանդէպ, քանզի կրթութիւնը Ձեզ համար լուսաւոր եւ օրհնեալ պատուար է լինելու ողջ կեանքում։ Սուրբ Գիրքն ուսուցանում է Մի՛ թող իմաստութիւնը, եւ նա կը պաշտպանի քեզ, սիրի՛ր այն, եւ նա կը պահպանի քեզ։
Առ Աստուած աղօթքով մաղթում ենք յաջողութիւններով առատ եւ արգասաւոր նոր ուսումնական տարի, հայցում ենք եռանդ եւ կորով մեր մանկավարժներին եւ պայծառ միտք ու ջանադիր աշխատասիրութիւն սովորողներին։










All the contents on this site are copyrighted ©.