2011-08-31 12:32:00

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Համերգ Ի Պատիւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին եւ Կարտինալ Ալոզիուս Ամպրովիչի Յուղարկաւորութեան Արարողութիւնը։
Կարտինալ Պարթոլուչիի նախաձեռնութեամբ չորեքշաբթի 31 օգոստոսի երեկոյեան ժամը 18ին Գասթել Կանտոլֆոյի քահանայապետական ամարանոցին մէջ, Մայեսթրո Սիմոնէ Պայոգիի ղեկավարութեամբ ու Բէզարոյի Rossini Chamber Choir եւ ֆորմ ֆիլարմոնիք նուագախումբի մասնակցութեամբ, տեղի կ՛ունենայ երաժշտական համերգի երեկոյ մը նուիրուած Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետին ։

Գանատա
Գանատայի Սուրբ Միքայէլ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենապ Կարտինալ Ալոզիուս Ամպրովիչի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։
Նշենք որ կարտինալ Ալոզիուս Ամպրովիչ՝ Գանատայի Թորոնթօ թեմի երբեմնի առաջնորդը իր մահկանացուն կնքեց անցեալ 26 օգոստոսին, երկարատեւ հիւանդութենէ ետք։ Հանգուցեալ կարտինալը ծնած էր 27 յունուար 1930-ին Լուպիանայի մէջ- Սլովենիա։ 1945-ին ընտանիքով ապաստանած էր նախ Աւստրալիա ապա Գանատա՝ Թորոնթօ քաղաքին մէջ հաստատուած, ուր իր իմաստասիրական ու աստուածաբանական ուսումները կատարած էր, օգոստինեան վանքին մէջ եւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ 4 յունիս 1955-ին։ Ապա 26 մարտ 1976-ին եպիսկոպոս օծուեցաւ որպէս օգնական եպիսկոպոս Թորոնթօ թեմին եւ 1990-ին ալ կը յաջորդէ կարտինալ Գարթիէյին։ Եղած է անդամ աստուածաբանութեան յանձնախումբին։ Հեղինակ է բազմաթիւ հատորներու եւ յօդուածներու։
Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 21 փետրուար 1998-ին զինք կարտինալ կը նշանակէ։ Ողբացեալ կարտինալը, 16 դեկտեմբեր 2006-ին՝ իր հրաժարականը ներկայացուցած էր յառաջացած տարիքին բերումով։








All the contents on this site are copyrighted ©.