2011-08-31 12:41:00

Սուրիացի Ընդդիմադիրներու Ազգային Փոխանցման Խորհուրդը։


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասսատ Օգոստոս 29ին, Դամասկոսի մէջ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանովի հետ։ Ռուս պատուիրակը, նախագահ Ասսատի հետ ունեցած աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հանդիպման ընթացքին, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի կողմէ փոխանցած է նամակ մը, որուն մէջ ան Ասսատի վերջին բարեփոխումներուն նկատմամբ Ռուսիոյ զօրակցութիւնը յայտնած է։
Ռուս պատուիրակին Դամասկոս այցելութեան զուգահեռ, սուրիացի ընդդիմադիրներ Անգարայի մէջ յայտարարեցին 94 անդամներէ բաղկացած Ազգային փոխանցման խորհուրդի կազմութիւնը։
Միւս կողմէ, «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ Սուրիոյ վարչակազմին նկատմամբ իր վստահութիւնը կորսնցուցած է, եւ կը հաւատայ, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը հասած է հանգրուանի մը, ուր բարեփոխումները այլեւս անբաւարար ու ժամանակավրէպ են։ Թրքական դիւանագիտական աղբիւրներ, «Շարք Ասուա»չ թերթին յայտնեցին, որ Անգարա սուրիական կողմին հետ երկխօսութեան բոլոր ձեւերը դադրեցուցած է։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ Փարիզ պիտի շարունակէ քաղաքական եւ տնտեսական պատժամիջոցներու ճամբով ճնշում բանեցնել Սուրիոյ վրայ, սակայն բացառեց Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան մը կարելիութիւնը։
Հուսկ Արաբական Լիկան 27 Օգոստոսին արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով արտակարգ նիստի մը աւարտին որոշեց իր ընդհանուր քարտուղարին գլխաւորութեամբ արաբ նախարարներու պատուիրակութիւն մը ղրկել Դամասկոս, սուրիական ղեկավարութեան փոխանցելու համար Սուրիոյ տագնապին հարցով արաբական նախաձեռնութիւն մը։ Սակայն Արաբական լիկային մօտ Սուրիոյ պատուիրակը, որ նշեալ ժողովին ընթացքին Սուրիան ներկայացուցած էր, լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին ճամբով հերքեց Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նապիլ Արապիի Դամասկոս այցելութեան լուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.