2011-08-31 12:33:34

Սեպտեմբեր Ամսուայ Ընթացքին Նախատեսուած Են Երանացման Երեք Արարողութիւններ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը վաւերացուցած է երեք երանացումներ որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբեր ամսոյն ընթացքին։
Առաջինը՝ 14 սեպտեմբերին տեղի կ՝ունենայ Իտալիոյ հարաւային շրջանի Գոզէնցա քաղաքը ,ուր Յիսուսի Չարչարանաց Փոքր Քոյրերու միաբանաութեան հիմնադիրը՝ Էլէնա Աիէլլօ խորաններու պատւոյն պիտի արժանանայ։Երանացման արարողութիւնը պիտի նախագահէ ՍուրբերուԴատի Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Անճէլօ Ամաթօն։
Երկրորդ արարողութիւնը՝ նախատեսուած է սեպտեմբեր 17ին այս անգամ Իտալիոյ հիւսիսային շրջանի Թօրինօ քաղաքին մէջ, ուր Կարտինալ Ամաթօն պիտի նախագահէ Գոթթօլէնկօ միաբանութեան անդամ՝ Հայր ֆրանչէսքօ Բալէարիի երանացման արարողութիւնը. իսկ երրորդը՝ տեղի պիտի ունենայ 24 սեպտեմբերին Սարայեւոյի թեմէն ներս, ուր միշտ Կարտինալ Ամաթոյի նախագահութեամբ՝ Ս. Զոհին ընթացքին, կրօնաւորուհի Մարիա Ճիուլիա Իվանիզէվիչ իր չորս միաբանակից Նահատակ քոյրերու հետ միասին, պիտի հռչակուին Կաթողիկէ երկեղեցւոյ երանելիներ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.