2011-08-31 12:58:23

ՀՕՄը Կը Միանայ Ափրիկէի Սովահարներու Օգնութեան Ճիգերուն


ՊՈՍԹԸՆ.- Հայ Օգնութեան Միութիւնը միացած է Dorcas Aid կազմակերպութեան, օժանդակութեան ձեռք մեկնելու համար Ափրիկէի Ծոցի շրջանը հարուածած սովի զոհերուն: Անցնող յիսնամեակի ծանրագոյն երաշտը կը հարուածէ Ափրիկէի Արեւելեան շրջանները: Այս աղէտին հետեւանքով սովը կը սպառնայ աւելի քան տասը միլիոն մարդու կեանքին: Պարագան ծանր է յատկապէս Սոմալիոյ մէջ, ուրկէ օրական միջին հաշուով 1600էն 2000 հոգի կը հասնի Եթովպիոյ մէջ հաստատուած գաղթակայանները՝ օրեր, երբեմն շաբաթներ քալելէ ետք: Վատառողջ, սովահար ու ծարաւ վիճակի մէջ գաղթակայաններ ապաստանածներուն թիւը անցած է արդէն 125 հազարի սահմանը:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիգի Մարաշլեան ըսած է թէ «Մեր նախաձեռնութեան բնաբանն է «ՕԳՆԵՑԷՔ մեզի ՕԺԱՆԴԱԿԵԼՈՒ համար սովահարներուն» արդ՝ կոչ կ՝ուղղենք բոլորին ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորներուն ճամբով նուիրատուութիւններ կատարելու, առաւելագոյն թիւով մարդոց ցաւը թեթեւցնելու համար»։ DorAid America կազմակերպութեան գործադիր տնօրէնը, Տիգրան Եումուշաքեան, «Բարձր գնահատած է Հայ Օգնութեան Միութեան վսեմ այս քալը եւ ապագայ գործակցութեան ոգիով կը նայի անոր ՝՝։
Dorcas Aid-ը քսան երկիրներու մէջ բարեսիրական եւ զարգացման ծրագիրներ իրականացնող քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութիւն մըն է։ Այդ երկիրներու շարքին է Հայաստանը։ DorAid America-ն անոր գործակից կառոյցն է, որ կը գործէ ԱՄՆի Նիւ Ճըրզի նահանգէն: Իսկ Հայ Օգնութեան Միութիւնը որ (2010ին իր 100ամեակը նշեց) հայկական կանանց մարդասիրական հնագոյն կազմակերպութիւնն է, ունի միաւորներ 27 երկիրներու մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.