ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Կ՝այցելէ Աւանի Մխիթարեան Կրթահամալիր։ Սեպտեմբերի
1-ին, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, այցելելով Աւանի Մխիթարեան կրթահամալիրը
այնտեղ կը հանդիպի ժառանգաւորաց վարժարանի սաներուն հետ: Նախարարը նախ կ՝ընդունուի կրթահամալիրի
տնօրէն՝ Մխիթարեան Միաբանութեան միաբան Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեանի կողմէ: Ժառանգաւորաց
հետ հանդիպումին՝ Սփիւռքի նախարարը պիտի խօսի անոնց հետ, քաջալերելով զանոնք որ հաւատարիմ
մնան ազգային արմատներուն, պահպանելու հայութիւնը, ու ազգային ու մշակութային արժէքները։
Նախարարը նաեւ պիտի պատասխանէ աշակերտներու հարցումներուն:
Հ Հ Ազգային
ժողովի Նախագահը՝ Հովիկ Աբրահամեան, Կ՝ընդունի «Արի Տուն» Ծրագրի
Մասնակիցները։
Սեպտեմբերի 1-ին, «Արի տուն» ծրագրի 7-րդ եւ 8-րդ փուլի
80 մասնակից կայցելէ ՀՀ Ազգային ժողով, ուր զիրենք կընդունի ԱԺ նախագահ Հովիկ Աբրահամեանը: Պուլկարիայէն,
Աւստրիայէն, Սպանիայէն, Ուզպեքիստանէն, Ռուսիայէն, Թուրքիայէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն,
Պելառուսիայէն, Վրաստանէն, ԱՄՆ-էն եւ Չեխիայէն ժամանած հայ պատանիներն ու աղջիկները շրջայց
կը կատարեն ՀՀ Ազգային ժողովի մէջ, ծանօթանալու խորհրդարանի կառուցուածքին եւ աշխատանքներու:
Տեղի
Կունենայ Սփիւռքի Կազմակերպութիւններու Ներկայացուցիչներու և Համայնքներու Ղեկավարներու
Համահայկական Համաժողովի Կազմկոմիտէի Նիստը։
Սեպտեմբեր 1-ին, տեղի կունենայ
Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու և համայնքներու ղեկավարներու համահայկական
համաժողովի կազմկոմիտէի նիստը, “Էրեբունի” պլազայի սրահին մէջ: Պիտի Քննարկուին Սփիւռքի
կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու և համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովի
ծրագրի նախագիծը եւ պիտի ընդունուի հռչակագիրը: Նաեւ պիտի քննարկուի համաժողովի 4
թեմատիկ նիստերու ընթացքը, նիստավարներու հարցը եւ թեմատիկ նիստերու ընթացքին քննարկուելիք
նիւթերու շրջանակը: