2011-08-31 09:39:06

Եգիպտոսի Կաթողիկէ Ղպտիներու Պատրիարք՝ Նակիպ Իր Մտավախութիւնը Յայտնած Է Մահմետական Պետութեան Մը Ստեղծումին Համար Եգիպտոսի Մէջ։


Աղեքսանդրիոյ Կաթողիկէ ղպտիներու պատրիարքը` կարտինալ Նակիպ յառաջիկայ 29 եւ 30 հոկտեմբերին ֆրիպուրկի մէջ պիտի մասնակցի ''աշխարհի մէջ հալածանքի եւ խտրականութեան զոհ քրիստոնեաներու աղօթքի ազգային 5-րդ օրուան''։ Առաջին օրը կարտինալը պիտի գլխաւորէ հանդիսաւոր պատարագը ''Յիսուս Թագաւոր'' եկեղեցւոյ մէջ, մասնաւորապէս աղօթելով աշխարհի վրայ հարստահարուած քրիստոնեաներուն համար։
Յայտնենք որ 2011ը Եգիպտոսի քրիստոնեաներուն համար եղաւ ամենէն տառապալից ու ողբերգական տարին։ ''Տառապող Եկեղեցի'' կաթողիկէ բարեսիրական մարմնին համաձայն այն ինչ որ կը պատահի Իրաք, Նիճերիա, Փիլիփեան կղզեխումբը, Փաքիստան ու Եգիպտոս բացայայտ նշաններ են քրիստոնեաներու կրած հալածանքին։ Տարբեր աղբիւրները համաձայն են հաստատելու որ աշխարհի բռնութիւններու, եւ կրօնական խտրականութիւններու 75 տոկոսը կը կատարուի քրիստոնեաներու դէմ։ Մինչ Եգիպտոսը ներկայիս կ'ապրի դժուար յեղաշրջում մը նախագահ Մուպարաքի անկումով։ Պատրիարք Նակիպ իր մտավախութիւնը յայտնած է, որ Եգիպտոսի մէջ հաստատուի մահմետական պետութիւն մը, փոխան քաղաքացիական եւ հանրավար պետութեան մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.