2011-08-31 09:38:42

Գերտմանիոյ Վարչապետը Տիկին Մերքել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գերմանիա Այցելութենէն Կ'ակնկալէ Համամիութենական Աւելի Հզօր Նշան Մը։


Դաշնակցային Գերմանիոյ վարչապետ՝ տիկին Մերքէլ խօսելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին պաշտօնական այցելութեան մասին, յառաջիկայ 22-25 սեպտեմբեր, յոյս յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին այցելութիւնը ըլլայ հզօր նշան մը, քաջալերիչ ի խնդիր ներկայ քրիստոնեայ ընկերութեան համախոհութեան եւ զօրակցութեան։ Տիկին Մերքէլ այս յայտարարութիւնը կատարեց ''Քահանայապետը Գերմանիոյ մէջ'' գիրքին ներկայացումին ընթացքին։ Նշենք թէ տիկին Մերքէլ դուստրն է բողոքական պատուելիի մը։ Ան իր յոյսը յայտնեց որ Սրբազան Քահանայապետին երրորդ այցելութիւնը հայրենիք ըլլայ համամիութենական հզօր նշան մը կաթողիկէներու եւ բողոքականներու միջեւ։
Սեպտեմբերին Նորին Սրբութիւնը յաջորդաբար պիտի այցելէ Պերլին, Էրֆուրթ եւ ֆրիպուրկ- ան-Պրիսկօ քաղաքները։ Այս վերջինին մէջ տեսակցութիւն պիտի ունենայ բողոքական համայնքներու ներկայացուցիչներու հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.