2011-08-31 10:06:04

Առաքելութիւն Դէպի Բերու


Կարմեղեաններու Բոկոտն կրօնաւորներու միաբանութեան Լիմայի մէջ հաստատումի յոբելեանին առթիւ, ՜՜Առաքելութիւն Դէպի Բերու՝՝ խորագրին տակ Բերու կը ժամանէ Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզի մասունքները։ Երեքշաբթի 30 օգոստոսին, առաջին անգամ ըլլալով մասունքները հասան Բերու ուր պիտի մնան մինչեւ նոյեմբեր 30-ը, որուն ընթացքին երկրի տարածքի վրայ գտնուող կարմեղեան միաբանութիւններու զանազան կառոյցներու մէջ պիտի շրջին, հաւատացեալներու կողմէ մեծարանքի արժանանալու համար։ Մասունքներու շրջագայութեան նպատակն է, ճանչցնել Լիզիէօյի Սրբուհի Թերեզի հոգեւորութիւնն ու սէրը հանդէպ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ անոր վարդապետութիւնը, հիմնուած՝ Աստուծոյ հանդէպ սիրոյ ու ամբողջական նուիրումի վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.