2011-08-30 13:22:28

Թուրքիոյ Կառավարութիւնը Պաշտօնապէս Երկրի Փոքրամասնութեանց Կը Վերադարձնէ 1936-էն ասդին Բռնագրաւուած Ինչքերը։


Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ Քեն Խաչիկեան սակայն անդրադառնալով փոքրամասնական կարգ մը կալուածները վերադարձնելու Անգարայի որոշումին՝ յստակացուց, թէ Թուրքիոյ խոստացածը միայն մէկ տոկոսը կը կազմէ հայերէն գրաւուած կալուածներուն եւ ինչքերուն, աւելցնելով, թէ Անգարա այս քայլին դիմած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ճնշումներուն տեղի տալով:
Արդարեւ 28 Օգոստոսին,Ռամազանի ամսուայ վերջընթեր օրը Թուրքիոյ Վարչապետը Թայյիպ Էրտողան ընկերակցութեամբ իր տեղակալը Պիւլէնտ Արընչի ու իր կողակիցին Տիկին Էմինէյի , երկրի փոքրամասնութիւններուն սարքեց Իֆթարի Ճաշը եւ այդ առթիւ յայտարարեց որ 1936-ին բռնագրաւուած կալուածները պիտի վերդարձուին իրենց տէրէրուն ու անոնց անունով պիտի արձանագրուին պաշտօնապէս։ Կանոնագրութիւնը հրատարակուեցաւ նաեւ Կառավարութեան Պաշտօնաթերթին մէջ, յորում հրատարակուած նոր Յօդուածի համաձայն երրորդ ձեռքերու փոխանցուած կալուածներու ալ փոխարժէքը պետական գանձէն պիտի վճարուի սեփականատէր Հիմնարկին։








All the contents on this site are copyrighted ©.