2011-08-30 13:05:28

Երեւանի Մէջ Հայաստանի Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւններու Ղեկավարներու Տարեկան Խորհրդակցութիւնը։


30-31 օգոստոս Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզա-համերգային համալիրին մէջ տեղի կ՝ ունենայ Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներուն հանդիպումը:
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ելոյթ պիտի ունենայ խորհրդակցութեան ընթացքին:
Խորհրդակցութեան օրերուն արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմի եւ արտերկրի մէջ Հայաստանի Դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները հանդիպումներ
կ՝ ունենան նաեւ՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի, շարք մը նախարարութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Հանդիպման մասնակիցները պիտի քննարկեն Հայաստանի Արտաքին
քաղաքականութեան առնչուող հարցեր եւ միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ տեղի ունեցող զարգացումները:
Կը նախատեսուի նաեւ հաւաքի մասնակիցներուն այցելութիւնը Ս. Էջմիածին, ուր զանոնք պիտի ընդունի Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը:
1 սեպտեմբերին հաւաքին մասնակիցները «Հայաստանը եւ արտաքին աշխարհը» նիւթով դասախօսութիւններ պիտի տան Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ








All the contents on this site are copyrighted ©.