2011-08-29 12:38:16

Սուրբ Պատարագ Ճենովայի Մէջ Պահպանիչ Տիրամօր Երեւման Յիշատակին։


Ճէնովայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալական եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի նախագահ՝ Կարտինալ Անճէլօ Պանիասքօն, Ճէնովայի շրջակայքը գտնուող Մարեմեան Santuario Mariano della Guardia սրբավայրին մէջ կը նախագահէ հողագործ Պենետէթթօ Բարէթոյի Տիրամօր երեւման յիշատակը, զոր պատահած էր 29 օգոստոս 1490-ին։ Այդ առթիւ Աստուածամայրը խնդրած էր, որ իրեն ի պատիւ մատուռ մը կառուցուէր։
Այսօրուայ արարողութեան սկիզբը, կարդացուեցաւ 1530-ի երեւման կոնդակը անոր կը յաջորդեն թափօր ու հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աշխարհի զանազան վայրերէ ժամանած << della Guardia>> Տիրամօր ջերմեռանդ ուխտաւորներ ։ Նշենք որ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունին աւելի քան 278 << della Guardia>> անուան Մարեմեան Սրբավայրեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.