2011-08-29 12:43:40

Պոլսոյ Կեդրոնական Վարժարանը՝ 125 Տարեկան.


2011-2012 կրթական տարեշրջանին, Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարժարանը կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 125ամեակը։
Այս կարեւոր հանգրուանը տօնախմբելու համար, Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանի խնամակալութեան նախաձեռնութեամբ կազմուած է Կարգադիր յանձնախումբ մը, ատենապետութեամբ Կեդրոնականի նախկին սան, ազգային բազմամեայ գործիչ Հայկ Ասլանեանի։
Յանձնախումբի անդամներն են՝ Օննիկ Նալպանտղազար, Մկրտիչ Արծիւեան, Սիլվա Գույումճեան, Սարգիս Քիւլէկէչ, Եդեսիա Թըրթըր, Գրիգոր Սահակօղլու, Գէորգ Սիմքէշեան, Կարպիս Ունան եւ Անի Գարատայը։
Այս տօնախմբութեան շրջագիծէն ներս, յառաջիկայ տարուան ընթացքին պիտի իրականանան մշակութային ու ընկերային զանազան ձեռնարկներ՝ վարժարանի անցեալին, ներկային եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին, որոնք ըստ ժամանակացոյցի, պիտի ծանուցուին մեր կրթական, հայկական հաստատութիւններուն եւ մամուլին մէջ», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը ։
125-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւններու շարքը պիտի սկսի վարժարանէն շրջանաւարտ ծանօթ դաշնակահար Շահան Արծրունիի նուագահանդէսով։








All the contents on this site are copyrighted ©.