2011-08-29 12:31:42

Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարին Առընթեր Ատեանի 7-րդ Նիստի Կայացում։


Հայաստանի սփիւռքի նախարարին առընթեր ատեանի 7-րդ նիստը, տեղի ունեցաւ 26 օգոստոսին։ Նիստի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին հինգ հարցեր. այս առթիւ քննարկուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 2012-ի «Մեր մեծերը» ծրագիրին վերաբերող հարցը: Առաջարկուած 11 թեկնածուներէն 2012-ի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ հաստատուեցան` Յովսէփ Օրբելին (125-ամեակ), Սայեաթ Նովան (300-ամեակ), Գառզուն` Գառնիկ Զուլամեան (105-ամեակ) եւ Յովհաննէս Բաղրամեանը (115-ամեակ):
Հայաստանի մէջ բնակող իրաքահայերու համարկման ուղղուած աշխատանքներուն ընթացքին մասին զեկուցեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան պետ Ա. Դումանեան: Վերջինս ներկայացուց հայրենիքի մէջ բնակող իրաքահայերու խնդիրները, այս ուղղութիւններով Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւնները եւ կատարուած աշխատանքները:
Օրակարգի երրորդ հարցը կ՛առնչուէր Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութեան հաշուետուութեան: Զեկուցող Հ. Ասլանեան ներկայացուց այն բոլոր ծրագիրները, զորս կ՛իրականացնէ Եւրոպայի հայ համայնքներու վարչութիւնը:
Օրակարգի չորրորդ հարցը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հեռահաղորդակցութեան վարչութեան հաշուետուութիւնը, ներկայացուց տեղեկատուական-վերլուծական բաժանմունքի պետ Ն. Նալբանդեան:
Ընթացիկ հարցերու ծիրին մէջ նախարարութեան աշխատակազմի Հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան պետ Ա. Եղիազարեան ատեանի անդամներուն ներկայացուց 19-20 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք Սփիւռքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համայնքներու ղեկավարներու համահայկական համաժողովի ծրագիրը:
Ներկայացուած բոլոր հարցերուն շուրջ տեղի ունեցան քննարկումներ եւ տրուեցան յանձնարարականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.