2011-08-29 12:36:04

«ԻՐԵՆ» Փոթորիկը Հարուածեց Նիւ Եորքը ։


Տարիներէ ի վեր Արեւելեան Միացեալ Նահանգները հարուածած ամէնէն ուժգին փոթորիկը` «Իրեն» անունով Նիւ Եորքի վրայ տեղատարափ անձրեւներ պատճառելով ողողումներ յառաջացուց: Ան ժամական 180 քիլոմեթր արագութեամբ կը փչէր:
Նիւ Եորքի փոխադրամիջոցներու համակարգը խափանուեցաւ: 800 քիլոմեթր լայնքով փոթորիկը Նիւ Եորք ուղղուելու ընթացքին 4.5 միլիոն մարդիկ ելեկտրականութենէ զրկեց:
Նախքան փոթորիկին ժամանումը, Նիւ Եորք ամայացած էր: Իշխանութիւնները յայտարարած էին, որ ծովեզերեայ շրջաններէն 370 հազար մարդիկ հեռացուած են:
՝՝ԻՐԵՆ՝՝ մրրիկի պարճառած մեռեալներու թիւը 18-ի հասած է։ Այժմ մրրիկը կը փչէ Գանատայի ծովեզերքի ափերու վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.