2011-08-28 09:54:45

Հայաստանի Մէջ 22 Աշակերտի Բաժին Կը Հասնի Մէկ Համակարգիչ


ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, 19 Օգոստոսին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, թէ նախորդ տարուան համեմատ, ՀՀ դպրոցներու համակարգչային յագեցուածութիւնը աճած է 65 տոկոսով:
Ան ըսած է թէ՝ «ՀՀ նախագահի հովանու ներքոյ իրականցուել է «Համակարգիչներ դպրոցների համար» ծրագիրը, որի շրջանակում ամենակարիքաւոր դպրոցներին 2500 յաւելեալ համակարգիչներ են տրուել: Մինչեւ Սեպտեմբերի 1ը, դպրոցները կը ստանան շուրջ 1500 համակարգիչ եւս»։Արդ՝ ներկայիս, ըստ աշակերտներու թիւին, համակարգիչներու ապահովուածութեան ցուցանիշը կը կազմէ 1/22, այսինքն՝ 22 աշակերտին բաժին կը հասնի մէկ համակարգիչ, ինչ որ մօտ է Եւրոմիութեան միջին ցուցանիշին: Երկու տարի առաջ Հայաստանի մէջ այդ ցուցանիշը 1/38 կը կազմէր:








All the contents on this site are copyrighted ©.