2011-08-27 13:59:15

Վատիկանի Պատգամը Իսլամ Աշխարհին ՜՜Ռամատան՝՝ի Ծոմպահութեան Աւարտին։


Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդը, մահմետականներուն ուղղած պատգամին մէջ, ռամատանի` ծոմապահութեան աւարտին, (որ կը զուգադիպի յառաջիկայ 30 օգոստոսին) կը դատապարտէ նախապաշարումը, բանակռիւը եւ խտրականութիւնը որուն անմիջական զոհերն են հաւատացեալները, ընկերային ու քաղաքական կեանքին մէջ։
Պատգամին վերնագիրն է ''քրիստոնեաները եւ մահմետականները'' զարգացնել անհատի հոգեւոր ծաւալը։
Պատգամին մէջ կը մատնանշուի այն ցաւալի եղելութիւնը թէ քրիստոնեաներն ու մահմետականները յաճախ վկայ են նուիրականին սրբապղծութեան, ու անվստահութեան բոլոր անոնց հանդէպ որոնք իրենք զիրենք հաւատացեալ կը հռչակեն։
Պատգամը, որ կը կրէ ստորագրութիւնը Կարտինալ Ժան Լու Թոռանի` նախագահը միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդին, կը յիշեցնէ որ ըլլայ քրիստոնեայ թէ մահմետական հաւատացեալին համար, ՜՜հոգեւորը՝՝ առաջնահերթ տեղ կը գրաւէ իր կեանքին մէջ։ Հուսկ կարտինալը իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը հաղորդելու՝ նոր սերունդին մարդկային ու բարոյական արժէքները , ու անոնց մատնանշել ներկայութիւնը բարիին ու չարին եւ թէ խիղճը սրբավայր մըն է, որ պէտք է յարգել։ Հուսկ կարտինալը կը գրէ թէ որքան մշակուի հոգեւոր ծաւալը, այնքան անհատը կը դառնայ աւելի պատասխանատու ,աւելի զօրավիգ եւ աւելի պատրաստակամ գործելու ընդհանուրին բարիքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.