2011-08-27 14:06:46

Վատիկանի Պատասխանատուներու Գնահատումով Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերը եղան ''Յոյսի Նշաններ՝ Բարդ եւ Խրթին աշխարհի մը մէջ''։


Կարտինալ Մարգ Ուլէ` Կառավարիչը Եպիսկոպոսներու ժողովին եւ կարտինալ Սդանիսլաու Ռիլքօ` Նախագահը աշխարհականներու քահանայապետական խորհուրդին, հաշուեհարթարը կատարելով Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրերուն մատնանշած են որ ՝՝JMJ-ները կարելի է սահմանել որպէս ''խորհրդանիշը նոր աւետարանութեան'' , երիտասարդները իրենց գործօն մասնակցութեամբ կանչուած են ընկերութիւնը աւետարանելու, տալով ընկերութեան յոյսի նշան մը, աշխարհի մը մէջ որ յաճախ ցնցուած է պատերազմներով, տնտեսական տագնապներով եւ ընկերութեան յուսալքումով։ JMJ-ին (GMG- Իտալերէնով) մասնակցելով երիտասարդները եպիսկոպոսներու ուշադրութիւնը հրաւիրեցին՝ մօտէն հետեւելու անոնց աշխարհին ու անոնց դժուարութիւններուն ինչպէս ՝՝գործազրկումը եւ ապագայի փոքրաթիւ կարելիութիւնները՝՝։ Ահա այս պատճառաւ Եկեղեցին կանչուած է խորիմաստ արժէքներ ներկայացնելու իրադրութեան մը մէջ, ուր միմիայն ՝՝անհատական նուաճումները, երեւոյթը, սպարապաշտութիւնը եւ հեշտասիրութիւնը՝՝ նկատի առնուած են։
Հուսկ Կարտինալները իրենց նայուածքը կ'ուղղեն 2013-ի Երիտասարդութեան Համաշխարհային Օրերուն, անոնց գնահատումով միջազգային այս մեծ հաւաքին պիտի նպաստէ Աւետարնի Քարոզիչներու Կազմաւորումը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.