Վատիկանի Գրատունը Դասախօսութիւններու Շարք Մը Կազմակերպած Է Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ։
Վատիկանի գրատունը Հիւսիսային Իտալիոյ Մէջ - Բորտընոնէ, դասխօսութիւններու շարք մը կը
պատրաստէ , զանազան թեմաներով. սկսեալ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Յիսուս Նազովրեցի
հատորէն , մինչեւ Հեթանոսներու Ատեանը, Սիքստեան մատուռը, Ռատիօ Վատիկանը եւ կիսապաշտօն
Օսսերվատիորէ Ռոմանօ-ն։ Վատիկանի գրատան պատասխանատուն, մամուլին յայտնած է թէ այդ դասխաօութիւններու
շարքը կը հետապնդէ մէկ նպատակ, այն է՝ հրաւիրել մարդը ''անսալու, կարդալու եւ հաւատալու''։