2011-08-27 14:06:41

Սիւնիքի Մէջ Գործող Պետական Երկու Համալսարան Երեք Դիմորդ Ընդունած Է Այս Տարի


ԿԱՊԱՆ - Հայաստանի պետական համալսարաններ ընդունուելու համար, այս տարի Սիւնիքէն միասնական քննութիւններու մասնակցած է 46 դիմորդ՝ նախորդ տարիներու շրջանաւարտներ ու բանակէն զօրացրուածներ: Դիմորդներուն միայն 30 տոկոսը կրցած է յաղթահարել քննութիւնները եւ դառնալ համալսարանի ուսանող: Երեք ուսանող ընդունուած է մարզերուն մէջ գործող երկու պետական համալսարաններ՝ Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի (ՀՊՃՀ) Կապանի մասնաճիւղը եւ Գորիսի պետական համալսարանը:
ՀՊՃՀ Կապանի մասնաճիւղի առաջին դասարանի միակ ուսանողին ուսուցումը կա՛մ պիտի կազմակերպուի Երեւանի մէջ, կամ ալ՝ հեռակայ կարգով: Յիշեցնենք, որ այս համալսարանին մէջ դիմորդներուն թիւը նոյնպէս վեց եղած է. անոնցմէ ոչ ոք կրցած է յաղթահարել միասնական քննութիւնները, իսկ միակ առաջին լսարանցին, իր քննութիւնները յանձնած էր նախքան բանակ զօրակոչուիլը:








All the contents on this site are copyrighted ©.