Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանին, ուրբաթ, 26 օգոստոսին
( 2011), Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ տեղի
ունեցաւ «Ովասիս» մանկապատանեկան ամառնային ծրագիրի 13-րդ եզրափակիչ հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ
աւելի քան 2500 հայորդիներու: Հանդիսութիւնը սկսաւ բացման պարով, որոնցմէ ետք խօսք
առաւ «Ովասիս» ամառնային ծրագիրի ընդհանուր պատասխանատու Քարոլին Թերզեան: Ան ըսաւ, որ
«Ովասիս»ի մէջ աշակերտները երգերու, պարերու, պտոյտներու, խաղերու եւ այլ դաստիարակչական
միջոցներու ընդմէջէն կ՛անցընեն հաճելի եւ օգտաշատ պահեր: Թերզեան շնորհակալութիւն յայտնեց
վարժարանի տնօրէնութեան, անձնակազմին եւ ծնողներուն, որոնց միացեալ գործակցութեամբ կ՛իրականանայ
այս նախաձեռնութիւնը: Ապա տարբեր երկիրներէ եւ տարբեր վարժարաններէ համախմբուած «ովասիս»ական
աշակերտները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր
մը: Անոնք երգեցին «Քիչ ենք, բայց հայ ենք» եւ «Ձեռք տուր ընկեր եմ» երգերը, ինչպէս նաեւ
պարեցին հայկական, արաբական եւ եւրոպական բազմաթիւ պարեր, որոնք ներկաներուն մօտ յառաջացուցին
մեծ խանդավառութիւն: Յայտագիրին ծիրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ քոնկ ֆուի ցուցադրութիւն: Նշենք,
որ «Ովասիս»ի իւրաքանչիւր խումբ կը կրէր հայկական պատմական գրաւեալ հողերու անունները,
մինչ դաշտին մէջ տեղադրուած էին Այբուբենը, Արարատը, եկեղեցին, Սարդարապատը, Արցախը
եւ խաչքարը խորհրդանշող ձեռային աշխատանքներով պատրաստուած պատկերներ: Յայտագիրի աւարտին
աշակերտները իւրայատուկ կերպով կազմեցին «Ովասիս» բառը, որուն յաջորդեց Հայ կաթողիկէ
Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստին խօսքը: Ան ըսաւ, որ «Ովասիս»ի
խումբերուն կարմիր, կապոյտ եւ նարնջագոյն տարազները Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին
առիթով պատգամող խորհուրդներ կը փոխանցեն: Տնօրէնը աւելցուց, որ ամառնային ծրագիրին նպատակն
է կրթել եւ դաստիարակել մանուկներն ու պատանիները, եւ այս հանդիսութիւնը ցուցանիշ է հաստատելու,
որ «Ովասիս» իր նպատակին կը ծառայէ: