2011-08-27 14:06:28

«ԱԼԻՔ» Օրաթերթի 80-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում՝ Երեւանի Մէջ։


Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը անակնկալ մատուցեց սփիւռքահայ երկու սահմանամերձ համայնքներուն` իրանահայերուն եւ պոլսահայերուն, Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակին սեմին երկրին մէջ նախաձեռնելով Հայաստանի մէջ Իրանի հայ համայնքի օրեր, ինչպէս նաեւ Պոլսահայ համայնքի օրեր (սեպտեմբերին):
Հայաստանի մէջ Իրանի հայ համայնքի օրերու ծիրին մէջ նախանցեալ օր երեկոյեան Կոմիտասի անուան սենեկային տան սրահին մէջ մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեակը, որուն առիթով շնորհաւորելու եկած էին Հայաստանի պետական այրեր, քաղաքական գործիչներ, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորներ Վահան Յովհաննիսեան, Արա Նռանեան եւ Լիլիթ Գալստեան, Իրանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպաններ Գեղամ Ղարիբջանեան եւ Կարէն Նազարեան, Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային կցորդ Շաքիպան, ինչպէս նաեւ արուեստագէտ-մտաւորականներ եւ երեւանաբնակ իրանահայեր, որոնք տասնամեակներ ներշնչուած են եւ իրենց սերունդները դաստիարակած են «Ալիք»ով:
Ձեռնարկը բացուեցաւ եւ անմիջապէս ընթերցուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձը` «Ալիք»ի 80-ամեակին առիթով:

Շնորհաւորելով «Ալիք» օրաթերթի 80-ամեայ յոբելեանը, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան իր խօսքին ընթացքին անգամ մը եւս անդրադարձաւ սփիւռքահայ մամլոյ կարեւոր գոյութեան` սփիւռքի մէջ իբրեւ ազգապահպանման կարեւոր լծակ, նշելով միաժամանակ, որ պատահական չէ 80-ամեայ մամլոյ յոբելեանի նշումը եւ մեծարումը` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի սեմին:
Հ. Յակոբեան իր ելոյթի աւարտին «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրը պարգեւատրեց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան Ուիլիըմ Սարոյեանի անուան շքանշանով` սփիւռքի մէջ հայ մշակոյթի տարածման նպաստող գործունէութեան, Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ու կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին եւ «Ալիք» օրաթերթին 80-ամեայ յոբելեանին առիթով:
Ողջոյնի եւ շնորհաւորական խօսքերով հանդէս եկան Իրանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան: Վերջինս նոյնպէս իր ելոյթին աւարտին յայտարարեց, որ հայ գրական եւ մշակութային-հասարակական կեանքին մէջ ունեցած իր մեծ աւանդին, սփիւռքի եւ իրանահայ համայնքին պահպանման, հայեցի դաստիարակութեան գործին անմնացորդ ծառայելու եւ «Ալիք» օրաթերթի հիմնադրման 80-ամեակին առիթով թերթին կը շնորհուի հայ առաջին տպագրիչ Յակոբ Մեղապարտի անուան յուշամետալը:
Շնորհաւորանքի եւ գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին նաեւ Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի վարիչ Նաղաշ Մարտիրոսեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի վարիչ, պատմական գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Էդիկ Մինասեան, Հայաստանի լրագրողներու միութեան փոխնախագահ, մտաւորական Գրիգոր Ջանիկեան, «Ալիք» օրաթերթի արտօնատէր Ալպերթ Աճեմեան, նախկին խմբագիրներ Նորայր Էլսայեան, Էդուարդ Երիցեան, Սեդա Գրիգորեան եւ այս բոլոր ելոյթներուն իբրեւ ամփոփիչ խօսք ելոյթ ունեցաւ թերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.