2011-08-26 14:33:40

Միացեալ Նահանգներ։ Հայազգի Լենա Գորթոշեան «Քլարք Մակնեթ Հայ Սքուլ»ի Փոխ տնօրէն Կը Նշանակուի


Մանկավարժութեան ասպարէզին մէջ քսան հինգ տարիներու փորձառութեան տէր Լենա Գորթոշեան, 22 Օգոստոսին ստանձնեց Լա Քրեսենթա գտնուող «Քլարք Մակնեթ Հայ Սքուլ»ի փոխտնօրէնի պաշտօնը: Լենա Քորթոշեան դուստրն է Եփրեմ եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեաններուն: Եփրեմը տարիներով եղած է նախագահը Հաճընի հայրենակցական միութեան: Լենան նախ աշխատած է իբրեւ ուսուցիչի օգնական, ապա տարիներով Կլենտէյլի երկրորդական վարժարաններուն մէջ դասաւանդած է ուսողութիւն: Վարած է նաեւ «Հուվըր Հայ Սքուլ»ի փոխտնօրէնի պաշտօնը:
Վերջին տարիներուն, Լենա ընդլայնած է իր փորձառութեան դաշտը, երբ նշանակուած է Լոս Անճելըս քաղաքի կրթական շրջանի թուաբանութեան տեսչուհի՝ օգտակար հանդիսանալով 81րդ շրջանի հանրային վարժարաններուն: Ան աշխատած է նաեւ նահանգային մակարդակի տարբեր յանձնաժողովներու մէջ:
Լենա Քորթոշեան աչքի ինկած է իր աշխատասիրութեամբ ու համեստ նկարագիրով:
Նշենք, որ «Քլարք Մակնեթ Հայ Սքուլ»ը շրջանիս հանրային վարժարաններուն մէջ լաւագոյններէն մէկը կը նկատուի: Այս դպրոցի աշակերտութեան մեծամասնութիւնը հայ է:








All the contents on this site are copyrighted ©.