2011-08-25 13:35:01

Ոչ Եւս Է Հայազգի Մտաւորական Արմէն Յովհաննիսեան։


Օգոստոս 24ին իր մահկանացուն կնքած է յայտնի գրող, հրապարակախօս, թարգմանիչ, հասարակական-քաղաքական գործիչ, մանկավարժ, փրոֆ. ու մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Արմէն Յովհաննիսեան:
Ան արցախեան պայքարի առաջնորդներէն մէկն էր. մտաւորական մը՝ որ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ լուրջ ներդրում ունեցած է ու արժանացած կարգ մը մրցանակներու եւ շքանշաններու, ինչպէս Հայաստանի մէջ, այնպէս ալ երկրի սահմաններէն դուրս:
Արմէն Յովհաննիսեան Գրողներու միութեան եւ Մայր աթոռ սուրբ Էջմիածինի կողմէ արժանացած էր «Կանթեղ» մրցանակին, Գրողներու միութեան կողմէ՝ «Ոսկէ գրի»չ եւ Չարենցի անուան մրցանակներուն. ան Ռուսիոյ «Բարեկամութիւն» շքանշանակիր եւ Մունիսիփալ ակադեմիոյ Շոլոխովի անուան մրցանակակիր էր, իսկ ԼՂ Հանրապետութիւնը անոր շնորհած էր «Մխիթար Գոշ» պատուոյ շքանշանը:
Ան երկար տարիներ աշխատած է Հայաստանի հեռուստա-ռատիօընկերութեան մէջ եւ ղեկավարած զայն, նաեւ հեղինակ ու վարող էր կարգ մը յայտնի հաղորդումներու:
Արմէն Յովհաննիսեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 25ին, Նոր Նորքի 5րդ զանգուածի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:
Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի քաղաքային նոր պանթէոնին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.