2011-08-25 13:32:53

Մուսա Լերան Հերոսամարտին Նուիրուած Փառատօն Ֆրեզնոյի Մէջ


ՖՐԵԶՆՕ.- Շաբաթ եւ Կիրակի, Սեպտեմբեր 3-4ին, Մուսա լերան հերոսամարտի 96ամեակին նուիրուած աւանդական փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի մէջ, կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Մուսա Լեռ» միութեան:
Փառատօնը, որուն կը մասնակցին սովորաբար 800է աւելի հայորդիներ, տեղի պիտի ունենայ Ֆրեզնոյի ոստիկանութեան մարզումներու կեդրոնին մէջ՝ 7633 N. Weber Ave., Fresno, 93722:
Փառատօնը պիտի սկսի Շաբաթ երեկոյեան ժամը 7ին՝ դաշտահանդէսով մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ աւանդական հերիսայի պատրաստութիւնը՝ տաուլ-զուռնայի ընկերակցութեամբ: Ներկաները պիտի խանդավառէ մուսալեռցի երգիչ Շահէ Սըգայեանը: Մուտքի սակը 5 տոլար է:
Կիրակի, ժամը 10:30ին, Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եւ մատաղօրհնէք պիտի կատարէ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան: Օրուան հիւր պատգամաբերն է Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի նախկին տնօրէն պատ. Յովհաննէս Սարմազեան՝ Գանատայէն:
Յաւելեալ տեղեկութեանց, մատաղի նուիրատուութեանց եւ հոգեհանգիստի խնդրանքներուն համար, դիմել (559) 271-7082 կամ (559) 437-0228 թիւերուն, մինչեւ Օգոստոս 31:
Փառատօնի վայրին մօտ գտնուող «Holiday Inn» պանդոկէն սենեակ ապահովելու համար, դիմել (559) 227-0004 թիւին:








All the contents on this site are copyrighted ©.