2011-08-25 13:33:10

Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Կ՝ընդունի ՜Արմենիա՝՝ Առագաստանաւի Անձնակազմը։


Նախագահ Սարգսեան գոհունակութիւն յայտնեց հայապահպանման, մշակութային արժէքներու հաշուառման եւ փաստագրման կարեւոր աշխատանքին յաջող աւարտին առնչութեամբ: Անդրադառնալով նաւարկութեան ընթացքին աշխարհի տարբեր երկիրներու հայ համայնքներուն ներկայացուցիչներուն հետ հաստատուած կապերուն` ան յայտնեց, որ այս ճամբորդութեան ընթացքին բոլոր համայնքներուն աշխուժութիւնը անգամ մը եւս կը փաստեն, որ այս աշխատանքը անհրաժեշտութիւն էր:
Գիտարշաւի ղեկավար Զօրի Բալայեան նախագահ Սերժ Սարգսեանին պատմեց աշխարհի շուրջ նաւարկութեան ընթացքին իրենց դիմագրաւած դժուարութիւններուն եւ փորձութիւններուն, ինչպէս նաեւ նուաճումներուն մասին:
Հանդիպման աւարտին գիտարշաւի անդամները նախագահ Սերժ Սարգսեանին յանձնեցին Հայաստանի դրօշը, ինչպէս նաեւ արցախեան պատերազմին նահատակուած անմահ հերոսներու գիրքը, որոնք նաւարկութեան ամբողջ ընթացքին իրենց հետ կը գտնուէին:








All the contents on this site are copyrighted ©.