2011-08-25 13:34:44

՜՜Հայ Երիտասարդին Դիմագրաւած Դժուարութիւնները ՝՝ Նիւթով Դասախօսութիւն Պէյրութի Մէջ։


Կազմակերպութեամբ «Մասիս» ակումբի վարչութեան, չորեքշաբթի, 24 օգոստոսին ( 2011) երեկոյեան , Պէյրութի հայաշատ թաղամաս Պուրճ Համուտի «Մասիս» ակումբի «Գէորգ Երեւանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` «Հայ երիտասարդին դիմագրաւած դժուարութիւնները» նիւթով: Օրուան դասախօսն էր Մարալ Անդոյեան:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Գէորգ Տաղլեան, որ նկատել տուաւ, թէ երիտասարդութիւնը ներկայիս կը դիմագրաւէ զանազան դժուարութիւններ, եւ այդ պատճառով ալ իրենք ուզած են կազմակերպել սոյն դասախօսութիւնը, որպէսզի օգտակար դառնան նոր սերունդին: Ան նաեւ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսին կենսագրական գիծերը:
Մարալ Անդոյեան իր նիւթը բաժնած էր 2 մասերու: Առաջին մասով ան ընդհանուր շրջագիծի մէջ խօսեցաւ երիտասարդութեան ունեցած յատկութիւններուն մասին: Ան անդրադարձաւ երիտասարդութեան ֆիզիքական, մտային, անհատական զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ գործի ասպարէզի ընտրութեան:
Երկրորդ մասով Մարալ Անդոյեան խօսեցաւ հայ երիտասարդութեան եւ անոր դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին: Ան նկատել տուաւ, որ հիմնական դժուարութիւնը ինքնութեան ճշդումն է, որովհետեւ հայ երիտասարդները կը գտնուին իրենց հայրենիքէն դուրս` աւելցնելով, որ ինքնութեան ճշդումը կու գայ շրջապատէն, տունէն, դպրոցէն, ընկերութենէն, միջավայրէն, եկեղեցիէն: Ան խօսեցաւ երիտասարդներուն վրայ նշեալ իւրաքանչիւր կառոյցին ու միջավայրին ունեցած ազդեցութեան մասին:
Եզրափակելով իր խօսքը` Անդոյեան հաստատեց, որ ազգի մը սեփական նկարագիրին կառուցման եւ սերունդէ-սերունդ փոխանցման էական գործողութիւնը կը կատարուի հայկական վարժարաններուն մէջ, ուր կը դասաւանդուին լեզու, գիտութիւն, մշակոյթ: Աւարտին առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու դասախօսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.