2011-08-24 15:43:44

Սրբադասման Համար Յանձնախումբը Գումարեց Իր Լիակատար Նիստը։


Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան վեհափառ հայրապետներուն` Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի օրհնութեամբ նշանակուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած աւելի քան մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբադասման յանձնախումբը իր հերթական լիակատար նիստը գումարեց Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Յանձնախումբը իր առաջին նիստէն առաջ այցելեց Նահատակաց մատուռ, ուր տեղի ունեցաւ եկեղեցական կարճ արարողութիւն` նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար, այնուհետեւ յանձնախումբը սկսաւ իր աշխատանքներուն:
Յանձնախումբի համաատենապետներն են. Ս. Էջմիածնէն. Եզնիկ արք. Պետրոսեան իսկ Անթիլիասէն Սեպուհ արք. Սարգիսեան
Անդամները՜ Ս. Էջմիածնէն.. Նաթան եպս. Յովհաննիսեան, Վազգէն եպս. Միրզախանեան եւ Արմաշ եպս. Նալպանտեան. իսկ Անթիլիասէն. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան եւ Բաբգէն եպս. Չարեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.