2011-08-24 15:38:14

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Սեպտեմբեր Ամսուայ Մէջ Կատարելիք Առաքելական Այցելութիւնները։


Յառաջիկայ 11 սեպտեմբերին Պենետիկտոս ԺԶ Իտալիոյ Մարքէ մարզի Անգոնա քաղաքը պիտի այցելէ, եզրափակելու համար Իտալիոյ Ազգային Ս. Հաղորդութեան նուիրուած 25-րդ Գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ 3-11 սեպտեմբեր։
Ապա 22-25 Սեպետմբեր, Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Գերմանիան ուր նախ Պերլին պիտի երթայ ու ապա պիտի այցելէ երբեմնի Արեւելեան Գերմանիոյ Էրֆուրդը, ուր նախատեսուած են Համամիութեան ու Միջ-կրօնական Երկխօսութեան ձեռնարկներ։ Երրորդ օրը Սրբազան Քահանայապետը պիտի փոխադրուի Freiburg-im-Breisgau թեմը, աթոռը՝ Գերմանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահի, ուր պիտի գլխաւորէ աղօթքի հսկում աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, ու յաջորդ օրը կիրակի` 25 սեպտեմբերին պիտի գլխաւորէ բացօթեայ սուրբ պատարագը։








All the contents on this site are copyrighted ©.