2011-08-23 13:55:07

Ափրիկէի Ցամաքամասի Մասնակցութիւնը Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրուան,


56 Երկիրներու 46ը Իր Մասնակցութիւնը Բերած Էր։
46 ափրիկեան երկիրներ իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Մատրիտի Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան։ Հարաւային Սուտանը, որուն անկախութիւնը անցեալ 9 յուլիսին հռչակուած էր, միքանի ներկայացուցիչ ղրկած էր եւ շուրջ 60 լիպիացի երիտասարդներ եւս մասնակցած էին։
Սակայն ափրիկեցիներու մեծ թիւը եկած էր երեք երկիրներէ. Նիճերիայէն, Գոնկոյէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն, անոնցմէ իւրաքանչիւրը աւելի քան հազար երիտասարդ ուղարկած էր։ Քինշասա համալսարանի երգչախումբը, 50 անդամներով, իր մասնակցութիւնը բերած էր պատարագին, ինչպէս նաեւ Մալավայի ''Ալէլուիա'' կոչուած երգչախումբը յատկանշուեցաւ Ուալա, Ուալա` լոյս, մեղեդիով։ Այլ խումբեր եւս ոգեւորեցին Մատրիտի փողոցները իրենց թմբուկներով ու պարերով։








All the contents on this site are copyrighted ©.