2011-08-22 12:46:27

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Միջազգային 20րդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը Մատրիտ Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրուան Առթիւ։


Կիրակի 21 օգոստոսի երեկոյան, վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուայ առթիւ Մատրիտ կատարած` չորսօրեայ առաքելական ճամբորդութիւնը։
Երիտասարդութեան համաշխարհային այս 26րդ օրը, ինչպէս միւսները եղաւ ոգեւորիչ, որուն ընթացքին աշխարհի չորս կողշերէն Մատրիտ համախմբուած երիտասարդները ապրեցան աղօթքի, ամփոփումի ու եղբայրութեան յուզումնալից պահեր։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիրտը կը տրոփէր ու անգամ մը եւս կը հաստատէր իր կենսունակութիւնը։

Այս չորս օրուայ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, սրբազան հայրը առիթը ունեցաւ զանազան արարողութիւններու առթիւ հանդիպելու երիտասարդներուն ու իրենց ուղղելու իր հայրական պատգամը, որուն գագաթնակէտը եղաւ կիրակի 21 օգոստոսի Գաութրօ Վենդոս օդակայանի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ ու հաւատացեալներ։ Նշենք որ 1987էն ի վեր երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը հրապուրած են քրիտոնեայ երիտասարդները որոնք մեծ թիւով մասնակցած են այս միջազգային հաւաքին։ Կարեւորագոյններէն մէկը եղած է 1995-ի Մանիլայի մէջ կատարուած հաւաքը, որուն իրենց մասնկացութիւնը բերին 4 միլիոն երիտասարդներ։ Հռոմի մէջ կատարուած 2000-ի Յոբելեանի հաւաքին եւս ականատես եղանք 2 միլիոն երիտասարդներու համախմբումին ու ահա այս Մատրիտեան հաւաքը եւս, Սրբազան քահանայապետին շուրջ կը համախմբեց 2 միլիոն հաւատացեալներ։

Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն Մատրիտ համախմբուած երիտասարդները ուրախութեան, հսկումի, աղօթքի ու հաւատքի անմոռանալի պահեր անցուցին որ դրոշմուած պիտի մնան իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ ու իրենց պիտի ընկերանան իրենց կեանքի ընթացքին։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը վերջ չունի, կը շարունակուի ամէն օր մինչեւ յաջորդ հարգրուանը։
Արդ՝ երիտասարդները դարձեալ իրարու ու քահանայապետին շուրջ պիտի հանդիպին, 2013-ին՝ Պրազիլի մէջ ( ՃՄՃ Պրազիլ 2013) «Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.