2011-08-22 12:47:14

Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Էքզարքութիւնը Ամբողջացուց Իր Ստեղծման 30-ամեակը ,Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Օրհնութեան Գիրը։


Անցեալ 14 օգոստոսին Արկենթինայի Պուէնս Այրէսի կաթողիկէ հայոց մայր տաճարին մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Լատին Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Էքզարքութեան ստեղծումի 30 ամեակը։ Այս առթիւ տեղի ունեցաւ Հայածէս ձայնաւոր Սուրբ պատարագ որուն նախագահեցին Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ կարտինալ Լէօնարտօ Սանտրի ու Լատին Ամերիկայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհի. Վարդան եպ. Պօղոսեան, որ նոյն օրը կը նշէր իր եպիսկոպոսական օծման 30 ամեակը։
Սրբազան Զոհին համապատարագեցին նաեւ՝ Պուէնըս այրէսի Ժողովրդապետ՝ Հայր Բաոլօ Հէքիմեանը, որ եւ իր քահանայական ձեռնադրութեան 30 ամեակը կը տօնէր ու Մոնթեվիտէոյի ժողովրդապետը՝ հայր Անտոն վրդ. Քեչէճեան։
Այս կարեւոր յոբելեանին իրենց մասնակցութիւնը բերին քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներն ու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւՊապական Նուիրակ՝ գերապայծառ Ատրիանօ Պերնարտինին ու Կաթողիկէ պաշտամունքի Արժանթինի Պետական Տնօրէնը ու նաեւ հայկական համայնքի ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որմէ ետք հայր Բաօլօ Հէքիմեան կարդաց Պատրիարքական Կոնդակը որ յոբելենական այս առիթով ուղարկուած է Ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տ.Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս պատրիարքի կողմէ։
Արմէ ետք ալ բոլոր ներկաները հրաւիրուեցան Ժողովրդապետութեան դահլիճը մասնակցելու՝ կոկիկ հիւրասիրութեան մը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ հայրապետական գիրը Լատին Ամերիկայի Առաքելական էքզարքութեան ստեղծման 30ամեակին, եւ Արհի. Վարդան եպ. Պօղոսեանի եպիսկոպոսական օծման 30ամեակին զոյգ առիթով։

Գացէ՛ք ուրեմն, աշակերտէցէ՛ք բոլոր ազերը... Սորվեցուցէ՛ք անոնց պահել՝ ինչ որ պատուիրեցի ձեզի։ Եւ ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը (Մատթ. 28, 19-20)։
Քրիստոսաւանդ այս աստուածային պատուէրը՝ ուղեգիծը եղած է Եկեղեցւոյ Հայրապետներուն, որոնք նորածին Եկեղեցւոյ առաջին օրերէն իսկ գործած են այս հիմնական սկզբունքի հոգիով։
Միեւնոյն հոգիէն մղուած եւ հետեւելով մեր Հայ Կաթողիկէ համայնքի աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն, երջանկայիշատակ Հմայեակ Պետրոս ԹԷ. Կետիկեան Կաթողիկոս Պատրիարքի օրով, Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետը Լատին Ամերիկայի այս հատուածը օժտած է եկեղեցական Եքսարքութեան կարգավիճակով, որպէսզի հովուական ծիրէն ներս կարողանայ լաւագոյնս ծառայել մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական, ինչպէս նաեւ ազգային եւ կրթական կարիքներուն։
Անցեալ երեք տասնամեակներու ընթացքին, շնորհիւ մեղուաջան եւ առաքելական հարազատ եռանդով օծուն՝ Արհի. Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեան՝ Առաջնորդի նախաձեռնութեամբ, եւ իր անխոնջ կազմակերպչական գործունէութեամբ, մեր համայնքը ունեցաւ իրեն վայել եկեղեցական եւ հոգեւոր ծառայութիւններու՝ հաստատութիւններ եւ կազմակերպութիւններ, որոնք անսասան եւ իսկական արժէքներն են Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ Իր մնայուն ներկայութեան հաւաստիքը մեր հայազգի որդիներուն մօտ։
Մեր կատարած Հովուպետական այցելութեան ընթացքին Հարաւային Ամերիկա, անձնապէս շօշափեցինք եւ մօտէն իսկ ապրեցանք այն խանդավառութիւնը, որ ստեղծած էին այս հոգեւոր կազմակերպութիւնները մեր սիրելի Հայ Կաթողիկէ հաւատացեալներուն մէջ, որոնք կը մնան որպէս խօսուն վկաները Լատին Ամերիկայի Եքսարքութեան։
Եղբայրական մեր լաւագոյն զգացումները եւ գնահատական խօսքերը կուղղենք մեր լծակից Առաջնորդ Եքսարքին՝ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանին, իր եպիսկոպոսական Սուրբ Օծման 30ամեակին, մաղթելով իրեն որ Աստուծոյ շնորհքով եւ միեւնոյն եռանդով շարունակէ իր հոգեւոր բեղուն եւ ազգօգուտ առաքելութիւնը, ի սպաս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ ի պայծառութիւն մեր ժողովուրդին։
Աստուծոյ մեծագոյն փառքը տալով եւ սրտի խոր գոհունակութեամբ, կը շնորհաւորենք մեր Լատին Ամերիկայի Եքզարքութեան ստեղծման եւ Առաջնորդ Գերապայծառ Հայր Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի՝ 30ամեայ այս զոյգ յոբելեանները, Ամենակալէն հայցելով Իր աստուածառատ շնորհքները եւ օրհնութիւնները։

Հայրապետական օրհնութեամբ՝
Ներսէս Պետրոս ժԹ. Կաթողիկոս Պատրիարք
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց
տուեալ կաթողիկոսական աթոռէն Զմմառ









All the contents on this site are copyrighted ©.