2011-08-22 12:47:58

Ժողովուրդներու Միջեւ Բարեկամութեան 32-րդ Հաւաք։ (Ռիմինի 21 - 27 Օգոստոս 2011)


Իտալիոյ Ռիմինի քաղաքին մէջ, Կիրակի 21 օգոստոսին սկիզբ կ՝ առնէ Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան հաւաքի 32 րդ հագրուանը կազմակերպութեամբ՝ ''հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' - Comunione e liberazione - շարժումին, ունենալով որպէս խորագիր <<եւ գոյութիւնը կը դառնայ անսահման հաւաստիք>>։
Հաւաքին խորագիրը ներշնչուած է Հայր Լուիճի Ճուսսանիի 2011-ին հրատարակուած գիրքի էջերէն , որուն մէջ Comunione e liberazione - շարժումի հիմնադիրը կը խօսի Պենտեկոստէի օրուայ Աստուծոյ պարգեւի մասին որ է Սուրբ Հոգին։
Հաւաքի բացումը կը կատարուի 21 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 10ին սուրբ պատարագի արարողութեամբ։ Սովորաբար այս առթիւ կը կարդացուի նաեւ Նորին Սրբութեան
Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան հաւաքի մասնակիցներուն ուղղած պատգամը։
Առաջին օրուայ ընթացքին, յետ միջօրէին Իտալիոյ Նախագահ Ճորճիօ Նաբոլեթանոն եւս իր մասնակցութիւնը կը բերէ այս հաւաքին Իտալիոյ անկախութեան 150 ամեակի նուիրուած ձեռնարկի մը ծիրէն ներս։
Ռիմինիի այս հաւաքի ընթացքին, 100-է աւելի միջամտութիւններ ու զեկուցումներ նախատեսուած են որոնց ընթացքին կը շօշափուին աշխարհը յուզող զանազան նիւթեր ու այժմէակաան տագնապներ։ Յատուկէն անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Հիւսիսային Ափրիկէի մարտահրաւէրներուն, որուն ընթացքին ելոյթ կ՛ունենայ, ի մէջ այլոց, Իտալիոյ արտգործ նախարար՝ ֆրանքօ ֆրաթթինին։ Խօսք պիտի առնէ նաեւ Գոր Ունում մէկ սիրտ վատիկանի բարեգործական հիմնարկի նախագահ՝ Կարտինալ Րոպեր Սարան որ պիտի անդրադառնայ կամաւորական աշխարհի գործունէութեան։ Պիտի խօսուի Սրբազան Քահանայապետին Մեծն Պրիտանիայ կատարած պատմական ճամբորդութեան մասին ու քրիստոնեաներու դերին մասին։
Միաշաբաթեայ այս ձեռնարկին ընթացքին, նախատեսուած են նաեւ ցուցահանդէսներ նուիրուած զանազան անձնաւորութիւններուն, սուրբերուն եւ երանելիներուն։
Ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան 32րդ հաւաքի փակումը նախատեսուած է 27 օգոստոսի առաւօտեան ''հաղորդութիւն եւ ազատագրում'' - Comunione e liberazione - շարժումի հիմնադրին՝ Հայր Ճիուսանիի յատուկ յիշատակութեամբ








All the contents on this site are copyrighted ©.