2011-08-21 08:14:38

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Քարոզը Քահանայութեան Պատրաստուող Ժառանգաւորներուն։


Շաբաթ օրը առաւօտուն, Սրբազան Քահանայապետը պատարագ մատուցեց քահանայութեան պատրաստուող ժառանգաւորներուն, Մատրիտի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնց ուղղած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը իր խնդակցութիւնը յայտնած է այս երիտասարդներուն, որոնք կը բաղձան Քրիստոսի քահանայ դառնալ Եկեղեցւոյ ու մարդոց ի սպաս։
Որպէս ժառանգաւորներ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, դուք կը պատրաստուիք սուրբ նպատակին համար, ըլլալ շարունակողները Քրիստոսի առաքելութեան։ Ան ձեզ կանչեց եւ դուք սիրայօժար ընդառաջեցիք անոր կանչին ու պատրաստ էք կատարելու Անոր կամքը։
Սիրեցեալ բարեկամներ , պատրաստուեցէք ըլլալու առաքեալները Քրիստոսի հետ եւ Քրիստոսի պէս մարդոց սպասաւորութեան համար։
Ի՞նչպէս ապրիլ պատրաստութեան այս տարիները, հարց տուաւ Սրբազան Հայրը, պատրաստութեան տարիները պէտք են կատարուիլ ներքին լռութեամբ, միշտատեւ աղօթքով, դաստիարակութեամբ։ Եկեղեցին թէ հասարակութիւն է եւ թէ հաստատութիւն, թէ ընտանիք է եւ թէ առաքելութիւն, Քրիստոսէ հաստատուած Ս. Հոգւոյ ներգործութեամբ։ Եկեղեցւոյ սրբութիւնը էութեամբ հիմնուած է Քրիստոսի սրբութեան վրայ, Աւետարանով ու խորհուրդներով։ Մենք պէտք է, ըլլալ սուրբ որպէսզի հակասութիւն մը չստեղծուի նշանին, որ կը ներկայացնենք ու իրականութեան որուն կ'ուզենք նշանակել։
''Այլ ոմն Քրիստոս'' ըլլալ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կ'ենթադրէ Քրիստոսի հետ նոյնացում։ Ինք որ մեզի համար եղաւ սպասաւոր, քահանայ եւ զոհ։
Քրիստոս` Քահանայապետը, միաժամանակ Բարի Հովիւն է, որ կը պահպանէ իր ոչխարները նոյնիսկ իր կեանքի զոհաբերումով։ Այս ուղղութեամբ հասունութիւն ունենալու համար պէտք է որ ձեր սիրտերը տրամադրել Վարդապետին։
Այս պատրաստակամութիւնը, որ շնորհքն է Ս. Հոգւոյ, կ'ենթադրէ. ողջախոհ կեանք վասն Երկինքի Արքայութեան, անջատում նիւթական բարիքներէն, խստամբեր կեանք մը եւ անկեղծ հնազանդութիւն։
Ձեր սիրտերըը բացէք հոգեւոր հայրերուն, որպէսզի լաւագոյնս ձեզ առաջնորդեն ձեր այս ընտրութեան մէջ։ Տիրոջմէն սորվեցէք Ինք որ եղաւ սրտով հեզ եւ խոնարհ, հրաժարելով մարդկային բաղձանքներէն եւ այսպէսով հետամուտ պիտի ըլլաք աստուածային բաներուն, ինչպէս ըրաւ Ս. Յովհաննէս Տ'Աւիլան պաշտպան սուրբը սպանացի կղերին, իր օրինակէն ոգեւորուած դիտեցէք Ամենասուրբ Կոյս Մարիամը` քահանաներու մայրը։ Ան լաւապէս գիտէ կաղապարել ձեր հոգին Քրիստոսի նմանութեամբ։
Նշենք որ՝ Մատրիտի մայր տաճարին մէջ մատուցած պատարագին աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը պատարագի սկիհը նուիրեց Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.