2011-08-21 10:30:21

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտի Առաքելական Ճամբորդութեան Չորրորդ Ու Վերջին Օրուայ Յայտագիրը։


Մատրիտեան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը կը հասնին իրենց աւարտին։ Ուրախութեան ու աղօթքի պահեր որոնց ընթացքին համայն աշխարհի երիտասարդները կարողացան ապրիլ իրենց հաւատքը ու դառնալ Քրիստոսի վկաները խրախուսուած Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերով ու քաջալերանքով։
Կիրակի 21 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Գուաթրօ Վէնթոս Օդակայանի տարածքի վրայ տեղի ունեցաւ երիտասարդութեան 2011-ի համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութիւնը։ Այս նոյն տարածքի վրայ, շաբաթ 19 օգոստոսի երեկոյեան տեղի ունեցած էր հսկումի աղօթքը ու երիտասարդներու մեծամասնութիւնը հոն գիշերած էր։
Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ եզրափակիչ պատարագի արարողութեան ընթացքին, նախ խօսք առաւ Կարտինալ Րուքօ Վարելա, որ իր ողջերթի եւ գոհունակութեան խօսքը ուղղեց բոլորին, ապա զանազան լեզուներով սուրբ գիրքէն ընթերցումներ կատարուեցան որոնց աւարտին Նորին սրբութիւնը Քարոզ մը արատասանեց։ Սուրբ Պատարագի աւարտին խօսք առաւ Կարտինալ Սթանիսլավ Րիլքօն Աշխարհականներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը ու ապա տեղի ունեցաւ երիտասարադութեան համաշխարհային օրուայ Խաչի յանձնումի արարողութիւնը, զոր 5 սպանացի երիտասարդներ յանձնեցին 5 պրազիլցի երիտասարհներուն, որով յաջորդ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը` ինչպէս հռչակեց Նորին Սրբութիւնը կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ատեն, տեղի պիտի ունենան 2013-ին Պրազիլի Րիո Տէ Ժանէյրոյի մէջ։
Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաշարժով վերադառձաւ առաքելական դեսպանատուն ուր Սպանացի կարտինալներու ու եպիսկոպոսներու հետ մասնակցեցաւ սիրոյ սեղանին։
Յետ միջօրէին՝ ժամը 17.15-ին, Սրբազան Հայրը հրաժեշտ կ̓առնէ առաքելական դեսպանատունէն ու կը մեկնի դէպի Մատրիտի միջազգային տօնավաճառքի կեդրոն ուր հանդիպում կ՛ունենայ ՃՄՃ - երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ կամաւորներուն հետ ու իրենց շնորհակալական ճառ մը արտասանելէ ու իր հայրական օրհնութիւնը տալէ ետք Սրբազան Պապը կ՛ուղղուի դէպի Մատրիտի Բարաեաս Օդակայանը ուր զինք կը դիմաւորեն Սպանիոյ Արքայական ընտանիքը ու հրաժեշտի հակիրճ արարողութենէ մը ետք ժամը 19-ին Պապական Օդանաւը թռիչք կ՛առնէ ուղղուելով դէպի յաւիտենական քաղաքի Չամբինօ օդակայանը ուր կը ժամանէ 21.30-ին։ Այսպէսով վերջ կը գտնէ Սրբազան Քահանայապետին միջազգային 20րդ ճամբորդութիւնը որ ժամանակակից շրջանի Քահանայապետական 133-րդ ճամբորդութիւնն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.