2011-08-21 08:13:42

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Աղօթքի Հսկումին Ընթացքին։


Երեկոյեան ժամը 20.30-ին, Գուարթոս Վէնթոս օդակայանին մէջ սրբազան քահանայապետը գլխաւորեց հսկումի աղօթքը, աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներու ու հաւատացեալներու մասնակցութեամբ որոնք անակնկալ ջաղբի ու փոթորիկի հանդերձ երկիւղածութեամբ` յուզումով եւ ամփոփումով հետեւեցան արարողութեան։
Փոթորիկի պատճառաւ Նորին Սրբութիւնը ստիպուած եղաւ իր քարոզը կրճատել ու արարողութեան աւարտին մեծ ամբոխի պատճառաւ` 2 միլիոն երիտասարդութիւն ինչպէս ըսինք` անկարելի եղաւ Սրբազան Հօր Քահանայապետական իքնաշարժով շրջիլ ու մօտէն բարեւել երիտասարդները որոնցմէ շատերը արարողութեան աւարտին հոն գիշերեցին ուր Կիրակի առաւօտուն մասնակցեցան Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուայ եզրափակիչ պատարագին։

Հսկումի աղօթքին ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը, իր արտասանած խօսքին մէջ, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն երիտասարդներուն որոնք իրենց հարցումները ուղղեցին Սրբազան Հօր դրսեւորելով իրենց մտահոգութիւնները լաւագոյն ապագայի մը համար։ Ի՞նչպէս կարող է երիտասարդ մը հաւատարիմ մնալ իր քրիստոնէական հաւատքին ու շարունակէ ձգտիլ մեր ժամանակակից ընկերութեան մեծ իտեալներուն ու ակնկալութիւններուն։
Յիսուս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս հարցումին կը պատասխանէ. ինչպէս որ Հայրը զիս սիրեց, այսպէս ալ ես ձեզ սիրեցի, մնացէք իմ սիրոյս մէջ։ Աստուած մեզ կը սիրէ։ Այս է մեր կեանքի մեծ ճշմարտութիւնը, որ իմաստ ու նշանակութիւն կու տայ մեր կեանքին։ Մենք պտուղը չենք պատահարի մը կամ անիմացականութեան, այլ մեր էութեան մէջ կայ ծրագիր մը, Աստուծոյ անհուն սիրոյ ծրագիրը։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդները լոյս խնդրելու Աստուծմէ ճանչնալու համար իրենց ճշմարիտ կոչումը ընկերութեան ու Եկեղեցւոյ մէջ ու պատրաստուիլ կեանքին խանդաղատանքով ու հաւատարմութեամբ ։
Ձեզմէ շատերը, մատնանշեց Սրբազան Քահանայապետը, կանչուած են ամուսնութեան, ուր այրն ու կինը պիտի կազմեն մէկ մարմին։ Ասիկա սիրոյ ճշմարիտ ծրագիր մըն է որ ամէն զոյգ կը վերանորոգուի դիմագրաւելով կեանքի ուրախութիւններն ու ցաւերը։ Միմիայն հաւատարմութեան ու անքակտելիութեան ծրագիրին մէջ կարելի է իրականացնել ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը, ինչպէս նաեւ բացուելով կեանքի` որդեծնութեամբ։
Քրիստոս` ուրիշները կը կանչէ քահանայութեան կամ կեանքի նուիրումի. ''ինծի հետեւէ'' խօսքերով։ Հասկնալու համար թէ Տէրը որ կեանքի մեզ կը կանչէ հարկաւոր է իր սիրոյ մէջ ապրիլ որպէս ճշմարիտ բարեկամներ։
Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան բարբառներով ողջունեց մեծաթիւ երիտասարդները, ապա ՜՜ի բազմոցի՝՝ դրուեցաւ Ամենասուրբ Հաղորդութիւնը` Կենաց Հացը ներկաներուն երկիրպագութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.