2011-08-21 10:31:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օրուան Եզրափակիչ Պատարագի Քարոզը։


<<Այսօր եւս Յիսուս ձեզի կ'ուղղէ նոյն հարցումը. ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Յիսուսին պատասխանեցէք վեհանձնութեամբ ու յանդգնութեամբ։>>

Սիրեցեալ երիտասարդներ, այս ս. պատարագը գագաթնակէտը կը հանդիսանայ Երիտասարդութեան համաշխարհային 26-րդ օրուան։ Իմ սիրտս կը խայտայ ի տես ձեր ներկայութեան, վստահ ըլլալով որ Յիսուս մեր մէջն է ու մեզ կը դիտէ։ Այո Յիսուս ձեզ կը սիրէ եւ ձեզ կը կոչէ ''իմ բարեկամներս''։ Ան ձեզ կը դիմաւորէ եւ կ'ուզէ ձեզի հետ ուղեկցիլ կեանքի ճանապարհին վրայ, որպէսզի ձեզի դուռը բանայ կատարեալ կեանքին ու մասնակից դարձնէ Հօր Աստուծոյ կեանքին։
Մենք գիտակից ենք, ըսաւ Սրբազան Հայրը, իր սիրոյն մեծութեան, կը բաղձանք համապատասխանել այս սիրոյն ու բաժնել այս նախասիրութիւնը ուրիշներուն հետ։ Վստահ եմ որ շատերը կը փափաքին մօտէն տեսնել ու ճանչնալ Յիսուսը. Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք թէ երկու տարբեր եղանակներ կան Յիսուսը ճանչնալու։ Յիսուս կը հարցնէ թէ մարդիկը ի՞նչ կը մտածեն Մարդու Որդիին մասին։ Աշակերտները կը պատասխանեն. ոմանք կ'ըսեն. Յովհաննէս Մկրտիչն է, ուրիշներ` Եղիան, ուրիշներ` Երտեմիան կամ մէկը մարգարէներէն։ Մէկ խօսքով անոնց համար Յիսուսը կրօնական անձնաւորութիւն մըն է։ Ապա Յիսուս ուղղակի հարցում կ'ուղղէ իր աշակերտներուն. ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Պետրոս պատասխանեց. ''Դուն ես Քրիստոսը, կենդանի Աստուծոյ Որդին''։ Հաւատքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, կը գերազանցէ եղելութիւնները եւ կարող է խորութեամբ ըմբռնել Յիսուսի անձին խորհուրդը։ Սակայն յարեց Սրբազան Քահանայապետը, անիկա պտուղը չէ մարդկային ճիգին , տրամաբանութեան, այլ աստուածային շնորհք մըն է. '' Երանի քեզի, Սիմոն, որդի Յովնանի, որովհետեւ մարմինն ու արիւնը չտուին քեզի այս յայտնութիւնը, այլ` Հայրս որ երկինքն է''։
Սիրեցեալ երիտասարդներ, այսօր եւս Յիսուս ձեզի կ'ուղղէ նոյն հարցումը. ''իսկ դուք ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ''։ Յիսուսին պատասխանեցէք վեհանձնութեամբ ու յանդգնութեամբ։ Անոր ըսէք. ''Յիսուս, ես գիտեմ որ դուն Աստուծոյ Որդին ես, քու կեանքդ տուիր ինծի համար։ Կ'ուզեմ քեզի հետեւիլ հաւատարմութեամբ եւ զիս առաջնորդէ։ Դուն զիս կը ճանչնաս ու կը սիրես։ Ես քեզի կը վստահիմ ու իմ կեանքս քու ձեռքերուդ մէջ կը դնեմ։ Կ'ուզեմ որ ըլլաս իմ ոյժս եւ ուրախութիւնս։
Սիրեցեալ երիտասարդներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը իր խորհրդածութիւնը եզրափակելով, բոլոր սրտովս ձեզի համար կ'աղօթեմ։ Ձեզ կը յանձնարարմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին որպէսզի միշտ ձեզ առաջնորդէ իր մայրական բարեխօսութեամբ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ նաեւ աղօթել Քահանայապետին համար, ան որպէս ս. Պետրոսի յաջորդը, շարունակէ իր առաքելութիւնը եղբայրները հաստատելու հաւատքին մէջ։ Թող ամէնքը որ Եկեղեցւոյ մաս կը կազմեմն` հովիւներն ու հաւատացեալները միշտ աւելի մօտ ըլլանք Տիրոջ, սրբութեան մէջ աճելու եւ ազդու վկայութիւն տանք որ Յիսուս Քրիստոսը ճշմարիտ Աստուծոյ Որդին է, մարդկութեան Փրկիչը եւ ողջ աղբիւրը մեր յոյսին։ ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.