2011-08-21 12:19:00

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի միջազգային 20րդ Առաքելական Ճամբորդութիւնը - Մատրիտի Երիտասարդութեան Համաշխարհային 26-րդ Օր։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 21 օգոստոս 2011ի երեկոյեան, վերջ գտաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուայ առթիւ Մատրիտ կատարած` չորս օր տեւած առաքելական ճամբորդութիւնը։
Երիտասարդութեան համաշխարհային այս 26րդ օրը եւս, միւսներու նման տպաւորիչ էր։ Աշխարհի չորս կողմերէն Մատրիտ համախմբուած երիտասարդները ապրեցան աղօթքի, ամփոփումի ու եղբայրութեան յուզումնալից պահեր։ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սիրտը կը տրոփէր ու անգամ մը եւս կը հաստատէր իր կենսունակութիւնը։ 

Չորս օրուայ առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը առիթը ունեցաւ զանազան արարողութիւններու առթիւ հանդիպելու երիտասարդներուն հետ ու անոնց ուղղելու իր հայրական պատգամը, որուն գագաթնակէտը եղաւ կիրակի 21 օգոստոսի Քաութրօ Վենթոս օդակայանի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ ու հաւատացեալներ։

Նշենք որ 1987էն ի վեր երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը հրապուրած են քրիստոնեայ երիտասարդները, որոնք մեծ թիւով կը մասնակցին այս միջազգային հաւաքին։ Կարեւորագոյններէն մէկը եղած է 1995-ի Մանիլայի մէջ կատարուած հաւաքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են 4 միլիոն երիտասարդներ։ Հռոմի մէջ կատարուած 2000-ի Յոբելեանի հաւաքին եւս ականատես եղանք 2 միլիոն երիտասարդներու համախմբումին ու ահա այս Մատրիտեան հաւաքը եւս, Սրբազան քահանայապետին շուրջ համախմբեց 2 միլիոն հաւատացեալներ։ 

Աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն Մատրիտ համախմբուած երիտասարդները ուրախութեան, հսկումի, աղօթքի ու հաւատքի անմոռանալի պահեր անցուցին որոնք դրոշմուած պիտի մնան իրենց մտքերուն ու սրտերուն մէջ ու իրենց պիտի ընկերանան իրենց կեանքի ընթացքին։ Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը վերջ չունի, կը շարունակուի ամէն օր մինչեւ յաջորդ հանգրուանը, որ ըստ հրապարակուած տեղեկութեան տեղի պիտի ունենայ 2013-ին՝ Պրազիլի մէջ եւ որուն բնաբանը պիտի ըլլայ «Արմատացած Քրիստոսի մէջ եւ հաստատ հաւատքով»։








All the contents on this site are copyrighted ©.