2011-08-20 12:08:47

Սպանիոյ Վարչապետին Հանդիպումը Սրբազան Քահանայապետին Հետ ։


Առաքելական դեսպանատան մէջ հանդիպումին, խօսակցութեան նիւթերը եղան Եւրոպայի տնտեսութիւնը եւ ափրիկեան ծոցի մահաբեր սովը։
Սպանիոյ վարչապետ Զաբաթերօ-ն ուրբաթ 19 օգոստոսի յետմիջօրէին կէս ժամուայ հանդիպում ունեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հետ առաքելական դեսպանատան մէջ։ Խօսակցութեան նիւթերը եղան. Եւրոպայի տնտեսական կացութիւնը, ափրիկեան ծոցի մահաբեր սովը, որուն առաջին զոհերը երախաներն են, արաբական աշխարհի ըմբոստութիւնը եւ օտարամերժութեան գաղափարաբանութեան աճումը։
Նշենք թէ վարչապետ Զաբաթերօ բազմաթիւ անգամներ տեսակցութիւն ունեցած է Սրբազան Քահանայապետին հետ թէ Սպանիա թէ Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.