2011-08-20 12:11:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Մատրիտի Առաքելական Ճամբորդութեան Յայտագիրը- Երրորդ Օր։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Մատրիտեան Երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ յատագիրը այսօր եւս խիտ օրակարգ մը ունի։
Շաբաթ 20 օգոստոսի առաւօտեան ժամը 9ին, Նորին Սրբութիւնը Մատրիտի առաքելական դեսպանատունէն մեկնելով ուղղուեցաւ Jardines del Buen Retiro, ուր ապաշխարութեան խորհուրդը մատակարարեց երեք երիտասարդներուն գերմաներէն, ֆրանսերէն եւ իտալերէն լեզուներով։ Նշենք որ ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը երիտասարդութեան համաշխարհային օրուայ առթիւ ապաշխարութեան խորհուրդը կը մատակարարէ։ Նշենք նաեւ որ վերոյիշեալ Պուէն Րէթիրօ բացօթեայ տարածքին վրայ ՃՄՃ-ի առթիւ <<ներումի ճանապարհի երկարութեան վրայ>> զետեղուած են 200 խոստովանարաններ պատրաստուած՝ նաւակի ձեւով ուր աւելի քան 2000 քահանաներ ապաշխարութեան խորհուրդը կը մատակարարեն զանազան լեզուներով եւ ուր այս օրերուն <<ապաշխարաութեան ու ներումի տօնակատարութիւնը>> տեղի ունեցաւ։
Ժամը 9.30-ին <<քահանայապետական իքնաշարժով>> Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Santa María la Real de la Almudena Տաճառը ուր կղերիկոսներու մասնակցութեամբ գլխաւորեց Պատարագի Սուրբ Զոհն ու քարոզը։
Santa María la Real de la Almudena՝ Մատրիտի Մայր Տաճարի օծումը կատարած էր 15 յունիս 1993-ին երջանկայիշատակ ՅՊԲ երանելի Քահանայապետը։
1885-ին Լեւոն ԺԳ Քահանայապետի օրով է որ Մատրիտը էը դառնայ թեմ եւ Santa María la Real de la Almudena-ն որուն շինարարական աշխատանքները սկիզբ առած էին 1883ին կը նաշանակուի որպէս թեմի մայր Տաճար թէեւ շինարարութեան գործընթացը տարիներու ընթացքին բազմաթիւ ընդհատումներու կ՝ենթարկուի եւ 1984ին, գրեթէ մէկ դար ետքը միայն` եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կը վերսկսի։
Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Սպանիայի կարտինալական դասի` Մատրիտի եպիսկոպոսներու ու Պապական շքախումբի հետ միասին` Մատրիտի արքեպիսկոպոսատան մէջ մասնակցեցաւ Սիրոյ սեղանին։ Նշենք որ Սպանիան ունի 9 կարտինալներ որոնցմէ կը յիշենք Կարտինալ Անթոնիօ Գանիզարէս Լովերան Քահանայապետական Աստուածային Պաշտամունքի եւ խորհուրդներու մատակարարութեան Կառավարիչը եւ Կարտինալ Անթոնիօ Մարիա Րօուքօ Վարելան Մատրիտի առաջնորդ Արքեպիսկոպոսը։
Շաբաթ յետ միջօրէի ժամը 17ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական դեսպանատան մէջ կ̓ ընդունի ՃՄՃ-ի 26րդ օրուայ կազմակերպիչ յանձնախումբերու վարչութիւնները ու ապա ժամը 19.40-ին այցելութիւն կը կատարէ Սան Խոսէ թէրաճներու հաստատութեան։ Սան Խոսէ հաստատութիւնը հիմնուած է 1876-ին, Պէնիթօ Մէննի եւ Տօքթ Թուլեան Սանչէս Գալլէայի համագործակցութեամբ։
Երեկոյեան ժամը 20.30-ին, Գիուարթոս Վէնթոս օդակայանին մէջ սրբազան քահանայապետը պիտի գլխաւորէ հսկումի աղօթքը, ուր նախատեսուած է 1.5 միլիոն երիտասարդներու ու հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, որոնք հոն պիտի գիշերեն ու յաջորդ օրը Կիրակի առաւօտուն նոյն վայրին մէջ պիտի մասնակցին Սրբազան Քահանայապետին երիտասարդութեան համաշխարհային 26րդ օրուայ եզրափակիչ պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.