2011-08-20 12:07:44

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Խօսքը Մատրիտի ճանապարհ Խաչի Արարողութեան Աւարտին . ''Մարդկային Տառապանքին Առջեւ Անտարբեր Մի Ըլլաք''։


Մատրիտի կեդրոնը կատարուած՝ թելադրիչ ու յուզիչ ճանապարհ խաչի արարողութեան ընթացքին, որուն մասնակցեցան աւելի քան կէս միլիոն երիտասարդներ 19 օգոստոսի գիշերը, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հրաւիրեց երիտասարդութեան համաշխարհային օրուան մասնակցողները որ մարդկային տառապանքին առջեւ անտարբեր չգտնուին։
Ճանապարհ խաչի 14 կայաններու խորհրդածութիւնները, ոգեկոչեցին մարդկութեան զանազան մեղքերը, անոնց շարքին. սեռային զեղծարարութիւնները ու մանուկներու դէմ կատարուած ոճիրները, նոյնպէս սիտայի զոհերուն հանդէպ խտրականութիւնը, փախստականներու հանդէպ ընկերութեան անպատուաբեր կեցուածքը եւ նիւթապաշտութեամբ կուրցած հարուստ ընկերութիւնները։
Դուք որ շատ զգայուն էք ձեր կեանքը ուրիշի հետ բաժանեցէք, բացագանչեց Սրբազան Հայրը, մարդկային տառապանքին առջեւ կանգ առէք, Տէրը ձեզմէ կը սպասէ որ ձեր լաւագոյնը տաք։ Դուք կարող էք սիրել ու կարեկցիլ։ Քրիստոսի չարչարանքը մեզ կը մղէ մեր ուսերու վրայ առնելու աշխարհի տառապանքը։
Ճանապարհ խաչին ընթացքին վերակոչուած բոլոր չարչարանքները, յարեց Նորին Սրբութիւնը, Տիրոջ կողմէ եկած կոչեր են, կերտելու համար մեր կեանքերը հետեւելով այդ հետքերուն որպէսզի մեր կարգին մենք դառնանք նշանները Տիրոջ մխիթարութեան ու փրկութեան։
Դիտողներու գնահատումով, ճանապարհ խաչի արարողութիւնը կատարուեցաւ կատարեալ ամփոփումի ու աղօթքի մթնոլորտին մէջ։ Երիտասարդները անշարժ մնացած են եւ JMJ-ի խաչը շալկուած էր 15 ազգի պատկանող երիտասարդներէն, որոնք կը ներկայացնէին աշխարհի տառապանքի զանազան երեւոյթները , անոնցմէ ոմանք եկած էին Ս. Երկրէն, Իրաքէն, Սուտանէն, Հայիթիէն եւ Ճաբոնէն։
14 կայաններու խորհրդածութիւնները խմբագրուած են սպանացի Ս. Խաչի միաբանութեան կրօնաւորուհիներէն, որոնք մասնաւորապէս աղքատներու հոգ հոգւոցով կը զբաղին։








All the contents on this site are copyrighted ©.